Փետրուար 8-ին` Սուրբ Վարդանանց տօնին, պիտի հրապարակուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի կոնդակը` Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի առիթով:
Մայր Աթոռին մէջ ստեղծուած է յատուկ յանձնաժողով, որ պիտի ծրագրէ, կազմակերպէ եւ համակարգէ եկեղեցական կառոյցներու կողմէ իրականացուող ձեռնարկները, որոնց մեկնարկը պիտի տրուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կոնդակով:
«Անիկա կարեւոր ուղղորդիչ պատգամներ կը բովանդակէ այսօրուան մեր կեանքի համար, թէ ինչպիսի դասեր պէտք է քաղենք առաջին Հանրապետութեան կարճատեւ գոյապայքարէն եւ մայիսեան հերոսամարտերէն: Այս խորհուրդով է, որ կոնդակի հրապարակումը կը ծրագրուի Ս. Վարդանանց զօրավարներու տօնին` Փետրուար 8-ին: Այս յոբելեանին եւ տօնին խորհուրդները մէկ ընդհանրութիւն ունին` ցոյց տալ մեր ժողովոըրդի միասնականութիւնն ու հաստատակամութիւնը յանուն ազատութեան ու անկախ պետականութեան, գոյամարտ յանուն ինքնութեան պահպանման եւ ապագայի տեսիլքի»,- «Մեդիամաքս»-ին ըսած է Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգի ղեկավար Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեան:
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի առիթով Մայր Աթոռի կառոյցները` կրթական, գիտական, մշակութային հաստատութիւնները, պիտի իրականացուին շարք մը ձեռնարկներ:
Մասնաւորապէս, պիտի բացուի «Ս. Էջմիածինը մայիսեան հերոսամարտերուն եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարիներուն» արխիւային վաւերագիրներու եւ նիւթերու ցուցահանդէսը, լոյս պիտի տեսնեն այդ շրջանին վերաբերող մենագրութիւններ, ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս նաեւ 1914-1920 թուականներու վաւերագիրներու երկու հատորները: