Անդրիաս Ղուկասեան ազատ արձակուած է

Ուրբաթ 4 Մայիս 2018-ին, դատարանը բաւարարեց կալանքը փոխելու փաստաբաններու միջնորդութիւնը եւ «Նոր Հայաստան» ընդդիմադիր շարժումի անդամ Անդրիաս Ղուկասեան երկրէն չբացակայելու ստորագրութեամբ ազատ արձակեց:

Անդրիաս Ղուկասեան մեղադրուած է Սարի թաղի դէպքերու գործով: Յատկապէս, այն բանի համար, որ 29 Յուլիս 2016-ին կազմակերպած է զանգուածային անկարգութիւններ, փորձած է միանալ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի տարածքը գրաւած «Սասնայ ծռերուն» զինուած խումբի անդամներուն:

Ընդդիմադիր գործիչը մեղադրանքը չէ ընդունած եւ պնդած է, որ կ՛ենթարկուի քաղաքական հաշուեյարդարի: