Դաւիթ Բաբայեան. «Ատրպէյճանը բանակցային հանդիպումները կը փորձէ տապալել սահմանին սադրանքներու դիմելով»

Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը իր էութեամբ ահաբեկչական է, ատոր համար ալ բանակցային գործընթացի խաղաղ կարգաւորման շուրջ բոլոր կարեւոր հանդիպումներուն ժամանակ, անոնցմէ յետոյ եւ անոնց նախօրեակին՝ Պաքուն տապալման նպատակով անպայման առաջնագիծի վրայ կը դիմէ սադրիչ գործողութիւններու:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` անդրադառնալով Յունուար 20-ին, Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի հիւսիսային հատուածին վրայ՝ հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած հերթական սադրանքին, ուր անօդաչու թռչող սարքէն, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ, կիրառուած է ականանետի արկ:

«Մենք այսպիսի քաղաքականութեան սովոր ենք եւ աւելին, նաեւ կանխատեսած ենք, որ յատկապէս 2018 թուականին, հակառակորդին կողմէ սադրիչ գործողութիւնները իւրայատուկ բնոյթ պիտի կրեն, քանի որ Ատրպէյճանի մէջ կը սպասուին շարք մը իրադարձութիւններ: Նախ` այս տարի Ատրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւններ պիտի ըլլան, նաեւ 2018-ին կը լրանայ այդ արհեստածին պետութեան ձեւաւորման 100-ամեակը, Հէյտար Ալիեւի ծննդեան 95-ամեակը, եւ այսպէս կոչուած, կը լրանայ նաեւ Աղդամի, Ֆիզուլիի, Ջէպրայիլի, Գուպաթլուի, Զանգելանի, Քելբաջարի յենակէտերու, կրակակէտերու «կորուստ»-ի 25-ամեակը, եւ բնական է, որ այս ամէնը պարարտ հող կը ստեղծէ շահարկումներու, սուտի, հայրենասիրական բղաւումներու համար: Եւ այս առումով՝ անոնք յարձակողական քայլեր պիտի ձեռնարկեն տեղեկատուական դաշտի մէջ, քաղաքական, դիւանագիտական հարթութիւններու վրայ, ի հարկէ նաեւ տարբեր սադրանքներու պիտի դիմեն սահմանի երկայնքով. Ա՛յս է էութիւնը այդ պետութեան»,- ըսած է հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղարը:

Դ. Բաբայեանի կարծիքով` լայնածաւալ պատերազմի վտանգ առայժմ չկայ, բայց պէտք է պատրաստ ըլլանք, քանի որ այդպիսի ահաբեկչական, կեղտոտ քայլերու թշնամին պարբերաբար պիտի փորձէ դիմել տարուան ընթացքին:

Անդրադառնալով օրերս Ռուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանին զէնքի հերթական խմբաքանակի մատակարարման` Դ. Բաբայեան նշած է, որ պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումը չէ փոխուած, որ դէմ է Ատրպէյճանին որեւէ պետութեան կողմէ զէնք վաճառելու գործարքին:

«Մենք կը կարծենք, որ Ատրպէյճանի հետ որեւէ քաղաքիրթ պետութիւն, ընդհանրապէս, պէտք չէ առնչուի, քանի որ այդ երկիրը կը վարէ ահաբեկչական քաղաքականութիւն: Բացի Արցախի դէմ պարբերաբար իրականացուող ռազմական գործողութիւններէն, ներկայիս ատրպէյճանցի մօտ 1000 գրոհային կը մասնակցի «իսլամական պետութիւն» ահաբեկչութեան կազմակերպութեան քայլերուն: Իսկ այդ պայքարը քաղաքակիրթ աշխարհին դէմ է` ներառեալ` Ռուսիոյ»,- ըսած է Դ. Բաբայեան: