Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը եւ ԵՄ անդամ պետութիւններու դեսպանութիւնները յայտարարութիւն ընդունած են Հայաստանի մէջ քաղաքական իրավիճակի վերաբերեալ:
«Եւրոպական Միութիւնը վերստին կը հաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ՝ բարեկեցիկ եւ ժողովրդավարական հասարակութեան զարգացման ուղղուած ջանքերուն:
«Այս ծիրէն ներս ծայրայեղ կարեւոր է բոլոր կողմերու ներգրաւումով համապարփակ երկխօսութիւնը` Սահմանադրութեան հիման վրայ նոր կառավարութեան ձեւաւորման շուրջ, որ կը բխի ՀՀ բոլոր քաղաքացիներու շահերէն:
«Եւրոպական միութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ այդ հարցով նախագահ Արմէն Սարգսեանի ջանքերուն:
«Կը շարունակէ կարեւոր մնալ այն, որ ներգրաւուած բոլոր կողմերը, ներառեալ իրաւապահ մարմինները եւ հաւաքներու եւ ազատ արտայայտման իրենց իրաւունքը իրացնողները ցուցաբերեն զսպուածութիւն եւ պատասխանատւութիւն», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ: