Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է հայ-թրքական արձանագրութիւնները վերջնական չեղարկելու մասին Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի յայտարարութեան:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ իբր Էդուարդ Նալպանտեանի յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիան չի կատարեր արձանագրութիւններով ստանձնած պարտականութիւնները, միջազգային հանրութեան մոլորեցնելու փորձ է:
Յայտարարութեան մէջ զարմանալիօրէն պնդում կը կատարուի, թէ իբր Հայաստանը առկախած է արձանագրութիւնները, իսկ Թուրքիան հաւատարիմ է արձանագրութիւններուն մէջ առկայ պարտաւորութիւններուն:
Զաւեշտալի է նաեւ, որ ասով հանդերձ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն նոյն յայտարարութեան մէջ կրկին արձանագրութիւններու իրականացումը կապած է Արցախի խնդրի լուծման հետ:
Յայտարարութեան մէջ պարզ դարձած է, որ Թուրքիոյ մէջ կրկին շատ ծանր տարած են Հայաստանի ԱԳ նախարարի խօսքերը` Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած: Մասնաւորապէս, յայտարարութեան մէջ կրկին կը փորձեն ժխտել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը` պնդելով, թէ իբր Հայաստանը զայն կը բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելու համար:
Նշենք, որ Յունաստան կատարած այցին ժամանակ՝ Հայաստանի ԱԳ նախարարը յայտարարած էր, թէ Թուրքիան առ այսօր ոչինչ ըրած է հայ-թրքական արձանագրութիւնները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ, աւելին՝ անհիմն նախապայմաններ ներկայացուցած է, ուստի Հայաստանը 2018-ի գարունը պիտի դիմաւորէ առանց այդ արձանագրութիւններուն: