Զուարթնոց օդակայանը հաւաքուած մարդիկ անհամբեր սպասեցին Պէյրութ-Երեւան ինքնաթիռի վայրէջք կատարելուն, եւ իսկապէս Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանի օդանաւէն դուրս գալէն ետք տուփերով սպասասրահ բերուեցան նաեւ լիբանանեան մայրիներու տնկիները` «դիւանագիտական բեռ» յաւակնոտ անուան տակ:
Նուերի հասցէատէրերը կը խոստանան` ջանք չխնայել, որ այս ծառատեսակը յարմարի Հայաստանի կլիմայական պայմաններուն, սակայն վերջնական եզրակացութեան համար մօտ երկու տարի կը պահանջուի` դեռ պէտք է տեսնեն` ծառերը պիտի աճի՞ն, թէ ոչ, ինչպէս պիտի անցկացնեն ցրտաշունչ ձմեռն ու չոր ամառը: