Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 Ապրիլին հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութեան` նուիրուած հանրապետութեան մէջ ընկերային-տնտեսական շարք մը ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցերուն: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Նախագահը յստակ յանձնարարականներ տուած է շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն` քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծումներուն ուղղութեամբ:
Խորհրդակցութեան մասնակցած են պետական նախարար Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: