Հայաստանի Չորրորդ Նախագահի Լիազօրութիւնները

Ըստ նոր Սահմանադրութեան, 2018 թուականի Ապրիլէն Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավար պիտի ըլլայ վարչապետը:

Ի տարբերութիւն նախորդ Սահմանադրութեան` նոր նախագահի լիազօրութիւնները պիտի սահմանափակուին եւ ան, ըստ էութեան, հիմնականօրէն ներկայացուցչական դեր պիտի կատարէ:

«Մետիամաքս»-ը կը ներկայացնէ, թէ ինչ լիազօրութիւններ պիտի ունենայ նախագահը նոր Սահմանադրութեամբ եւ ի՞նչ փոփոխութիւններ կատարուած են ատոնց մէջ:

 

  1. Ի՞նչ կարգավիճակ ունի նախագահը:
    Ըստ նոր Սահմանադրութեան` Հանրապետութեան նախագահը պետութեան գլուխն է, որ կը հետեւի Սահմանադրութեան պահպանման եւ իր գործառոյթները կ՛իրականացնէ Սահմանադրութեամբ սահմանուած լիազօրութիւններու միջոցով:

Ի տարբերութիւն 2005-ին ընդունուած Սահմանադրութեան` օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բնականոն գործունէութեան ապահովումն ու ՀՀ անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւորումը նախագահի լիազօրութիւններուն մէջ շարադրուած չեն:

 

  1. Ո՞վ կրնայ ընտրուիլ Հանրապետութեան նախագահ:
    Հանրապետութեան նախագահ կրնայ ընտրուիլ քառասուն տարին լրացած, վերջին վեց տարին միայն ՀՀ քաղաքացի հանդիսացող, վերջին վեց տարին Հայաստանի մէջ մշտապէս բնակող, ընտրական իրաւունք ունեցող եւ հայերէնին տիրապետող իւրաքանչիւր ոք:

2005-ի Սահմանադրութեամբ, մինչդեռ, նախագահ կրնար ընտրուիլ երեսունհինգ տարին լրացած, վերջին տասը տարին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող, վերջին տասը տարին Հանրապետութեան մէջ մշտապէս բնակող եւ ընտրական իրաւունք ունեցող իւրաքանչիւր ոք:

 

  1. Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կ՛ընտրէ Հանրապետութեան նախագահը:

Եթէ նախորդ Սահմանադրութեամբ նախագահը կ՛ընտրուէր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կողմէ` հինգ տարի ժամկէտով, այժմ, սակայն, նախագահը կ՛ընտրէ Ազգային ժողովը` պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու առնուազն երեք քառորդով:

Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրելու իրաւունք ունի պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ քառորդը:

Հանրապետութեան նախագահը կ՛ընտրուի եօթը տարի ժամկէտով եւ իր լիազօրութիւններու իրականացման ընթացքին որեւէ կուսակցութեան անդամ չի կրնար ըլլալ: Նոր Սահմանադրութեամբ` նոյն անձը այդ պաշտօնը կրնայ զբաղեցնել ոչ թէ առաւելագոյնը երկու, այլ միայն մէկ անգամ:

 

  1. Որո՞նք են Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները Ազգային ժողովի եւ Կառավարութեան բնագաւառներու մէջ:

Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները Կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի բնագաւառներու մէջ մեծապէս փոխուած են:

Նոր սահմանադրութեամբ` Հանրապետութեան նախագահը կը նշանակէ Ազգային ժողովի հերթական եւ արտահերթ ընտրութիւնները, կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ Ազգային ժողովի ընդունած օրէնքները` քսանմէկօրեայ ժամկէտի մէջ:

Մինչդեռ առաջ, օրինակ, ան իրաւունք ունէր նաեւ Սահմանադրութեամբ նախատեսուած դէպքերուն ու կարգով արձակել Ազգային ժողովը եւ նշանակել արտահերթ ընտրութիւն:

Հանրապետութեան նախագահը, Սահմանադրութեամբ սահմանուած դէպքերուն կրնայ ընդունիլ Կառավարութեան հրաժարականը եւ վարչապետի առաջարկով փոփոխութիւններ կատարել Կառավարութեան կազմին մէջ:

Նախորդ Սահմանադրութեամբ վարչապետի նշանակման` նախագահի լիազօրութիւնները կը սահմանուէին այսպէս. «ՀՀ նախագահը՝ Ազգային ժողովի մէջ պատգամաւորական տեղերու բաշխման եւ պատգամաւորական խմբակցութիւններու հետ խորհրդակցութիւններու հիման վրայ՝ վարչապետ կը նշանակէ պատգամաւորներու մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող անձը»:

Ըստ նոր Սահմանադրութեան` «Հանրապետութեան նախագահը նորընտիր Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտը սկսելէն ետք անյապաղ վարչապետ կը նշանակէ խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցած թեկնածուն»:

 

  1. Ի՞նչ լիազօրութիւններ ունի նախագահը արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ:
    Արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ Հանրապետութեան նախագահը օրէնքով սահմանուած դէպքերուն եւ կարգով, Կառավարութեան առաջարկութեամբ, կը կնքէ միջազգային պայմանագիրներ, վարչապետի առաջարկով կը նշանակէ եւ ետ կը կանչէ օտարերկրեայ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ դիւանագիտական ներկայացուցիչները, կ՛ընդունի օտարերկրեայ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հաւատարմագիրները եւ յետկանչագիրները:

Կառավարութեան առաջարկով, օրէնքով սահմանուած դէպքերուն եւ կարգով` կը հաստատէ, կը կասեցնէ կամ չեղեալ կը յայտարարէ վաւերացում չպահանջող միջազգային պայմանագիրները:

Նախորդ Սահմանադրութեամբ` նախագահը կը ներկայացնէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, կ՛իրականացնէր արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր ղեկավարումը:

 

  1. Զինուած ուժերու մէջ նախագահի լիազօրութիւնները որո՞նք են:
    Նոր Սահմանադրութեան համաձայն` Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետի առաջարկով, օրէնքով սահմանուած դէպքերուն եւ կարգով կը նշանակէ եւ կ՛ազատէ զինուած ուժերու եւ այլ զօրքերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմը, ինչպէս նաեւ` վարչապետի առաջարկով, օրէնքով սահմանուած դէպքերուն եւ կարգով կը շնորհէ բարձրագոյն զինուորական կոչումներ:

Նոր Սահմանադրութեամբ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը այլեւս նախագահը չէ եւ պատերազմի պարագային այդ լիազօրութիւնները վարչապետին կը պատկանին:

Նախորդ Սահմանադրութեամբ նախագահը նաեւ ինքնուրոյն կը համակարգէր պետական մարմիններու գործունէութիւնը պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ, կը նշանակէր եւ կ՛ազատէր զինուած ուժերու եւ այլ զօրքերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմը:

Հանրապետութեան վրայ զինուած յարձակման, անոր անմիջական վտանգի առկայութեան կամ պատերազմ յայտարարուելու պարագաներուն, ըստ նախորդ Սահմանադրութեան, նախագահը կը յայտարարէր ռազմական դրութիւն եւ կրնար յայտարարել ընդհանուր կամ մասնակի զօրահաւաք, որոշում կ՛ընդունէր զինուած ուժերու օգտագործման մասին:

Պատերազմի ժամանակ Հանրապետութեան նախագահը կրնար նշանակել եւ ազատել զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարը: Սահմանադրական կարգին սպառնացող անմիջական վտանգի պարագային, խորհրդակցելով Ազգային ժողովի նախագահի եւ վարչապետի հետ, նախագահը կրնար յայտարարել արտակարգ դրութիւն, իրականացնել իրավիճակէն թելադրուող միջոցառումներ եւ այդ մասին ուղերձով դիմել ժողովրդին:

Պատրաստեց Մարի Թարեանը

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆը