Չորեքշաբթի՝ 11 Ապրիլ 2018-ին, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) նախագահի առաջին տեղակալ, վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան կուսակցութեան գործադիր մարմինի հերթական նիստին ընթացքին առաջարկեց Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը՝ իբրեւ Հայաստանի վարչապետ: Նիստէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ՀՀԿ խօսնակ Էդուարդ Շարմազանով յայտնեց, որ Գործադիր մարմինը միաձայնութեամբ ընդունեց Կարապետեանի առաջարկը:
Շարմազանով նշեց, որ Գործադիր մարմինը յառաջիկայ Շաբաթ օր իր որոշումը պիտի ներկայացնէ կուսակցութեան խորհուրդին, պաշտօնականացնելու համար որոշումը:
«Սահմանադրութեան համաձայն՝ իշխող քաղաքական ուժը պէտք է ներկայացնէ Հայաստանի խորհրդարանական համակարգին մէջ վարչապետի իր թեկնածուն: Տեղեակ էք նաեւ, որ տեղի ունեցած է ՀՀԿ նախագահի ու ՀՀԿ առաջին տեղակալ Կարէն Կարապետեանի հանդիպումը: Այսօր վերջապէս ՀՀԿ գործադիր մարմինը սկսաւ քննարկումները՝ ապագայ վարչապետի թեկնածուի շուրջ: Քննարկումները ընթացան միասնութեան, համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ: Առանց բացառութեան ՀՀԿ ԳՄ գործիչները ընդունեցին առաջարկը, որ տրուած էր երէկ: Մենք շաբաթ օրը ՀՀԿ խորհուրդի նիստին պիտի ներկայացնենք վարչապետի մեր թեկնածուն: Կը կարծեմ, որ պարզ է, թէ ով պիտի ըլլայ վարչապետի մեր թեկնածուն, որովհետեւ այլ անուն մենք չենք քննարկած, այլ կարծիքներ չեն եղած, կը կարծեմ, որ ոեւէ մէկու մտքով չի ալ անցած»,- տեղեկացուցած է Շարմազանով: