Յայտարարութիւն
ԱԺ Հանրապետական խմբակցութիւնը պիտի քուէարկէ օգտին այն թեկնածուի, զոր կ’առաջադրեն միւս քաղաքական ուժերը, քիչ առաջ Հանրապետական խմբակցութեան նիստէն ետք յայտարարեց խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղդասարեանը:
«Հաշուի առնելով երկրի մէջ ստեղծուած իրավիճակը` ՀՀԿ խմբակցութեան անունով կը յայտարարեմ, որ Հայաստանը Մայիս 8-ին պիտի ունենայ սահմանադրական ճանապարհով ընտրուած վարչապետ, ՀՀԿ-ն թեկնածու չ’առաջադրեր եւ պիտի սատարէ 1/3-ի կողմէն առաջադրուած թեկնածուին», – ըսաւ ան:
Պաղդասարեանը կոչ ըրաւ դադրեցնել շրջափակումները, բողոքի գործողութիւնները եւ վերադառնալ սահմանադրական ճանապարհներով հարցեր լուծելու դաշտ:
Յիշեցնենք` համաձայն «ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 140-րդ յօդուածի 3-րդ մասի` վարչապետի ընտրութեան հարցը կը քննարկուի Մայիս 8-ին` ժամը 12:00-ին: