Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան` մեկնաբանելով Լափշինի արտայանձնումը Ատրպէյճանին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, յատուկ լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի արտայանձնումը Ատրպէյճան՝ խօսքի ազատութեան եւ ազատ տեղաշարժի իրաւունքներու կոպտագոյն ոտնահարում է:
Բալայեանի մեկնաբանութեան մէջ նշուած է. « Ալեքսանտր Լափշինը հետապնդումը, Ատրպէյճան անոր արտայանձնումը խօսքի ազատութեան եւ ազատ տեղաշարժի, մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպտագոյն ոտնահարում է, որ կրկին անգամ ի ցոյց կը դնէ բռնապետութեան եւ ժողովրդավարութեան միջեւ առկայ խոր անդունդը:
Միանշանակ է, որ քաղաքական, հասարակական, մշակութային գործիչներու, լրագրողներու, զբօսաշրջիկներու հոսքը Արցախ պիտի չկանգնի, այլ՝ պիտի բազմապատկուի»: