ՀՀ ԱԺ-ն Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան տասը միլիոն դրամ նուիրաբերած է

Արցախի Հանրապետութիւն այցի ծիրէն ներս՝ ՀՀ Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը հանդիպած է ԱՀ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի հետ:

ՀՀ ԱԺ հանրային կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ ՀՀ ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանը Լեւոն Մնացականեանին փոխանցած է ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներու եւ աշխատակազմի կողմէ ԱՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրուող տասը միլիոն դրամի հաւաստագիրը: Վահրամ Բաղդասարեան նշած է, որ Ազգային ժողովը իր աշխատակազմով` տնտեսական աշխատակիցէն մինչեւ ՀՀ ԱԺ նախագահ, իրենց ներդրումը ունեցած են այս հարցով։

Արցախի ՊԲ հրամանատարը, շնորհակալութիւն յայտնելով նուիրատւութեան համար, նշած է, որ գումարը պիտի ուղղուի Պաշտպանութեան բանակի եւ զինծառայողներու առաջնային խնդիրներու լուծման: