Հռոմի Պապը ՀՀ նախագահին խաղաղութիւնը խորհրդանշող մարմարէ քանդակ նուիրած է

Սուրբ Աթոռ պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ապրիլ 5-ին, հանդիպած է Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Վատիկանէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ պաշտօնական արարողութենէն ետք, Ֆրանչիսկոս պապ եւ Սերժ Սարգսեան առանձնազրոյց ունեցած են:

Մօտ կէս ժամ տեւած առանձնազրոյցին յաջորդած է նուէրներու փոխանակման արարողութիւնը: ՀՀ նախագահը կաթոլիկ աշխարհի հոգեւոր առաջնորդին փոխանցած է Սուրբ Գայիանէ եկեղեցւոյ մանրակերտը, իսկ Հռոմի պապը Սերժ Սարգսեանին յանձնած է խաղաղութիւնը խորհրդանշող մարմարէ քանդակ:

Ֆրանչիսկոս պապի հետ հանդիպումէն ետք՝ ՀՀ նախագահ Սարգսեան այցելած է Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար Քարտինալ Փիեդրօ Փարոլինի գրասենեակ, ուր անոնք առանձնազրոյց ունեցած են: