30 Դեկտեմբեր 2017-ին նախագահ Սերժ Սարգսեան Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ եւ հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի նախագահն ու Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը յարգանքի տուրք մատուցած են հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: