Հայաստանի կառավարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Հայաստանի եւ Արցախի յարաբերութիւններուն: Արցախի մէջ մեկնարկած մամուլի ասուլիսին ընթացքին, այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Որեւէ կասկած չկայ, որ այդ յարաբերութիւնները պիտի զարգանան բնականոն հունով, ձեռք պիտի բերեն նորանոր դրսեւորումներ եւ անոնց իբրեւ արդիւնք՝ նոր թափ պիտի տրուի Արցախի միջազգային ճանաչման»,- ըստ «Արմէնփրէս»-ի` ընդգծած է Փաշինեան:
ՀՀ վարչապետը տեղեկացուցած է, որ հանդիպումներ ունեցած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմին, ՊԲ հրամանատարին, ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետին հետ, լսած է անոնց զեկոյցներն ու ստացած անհրաժեշտ տեղեկատւութիւն: «Այսօրուան քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք համոզուեցանք, որ Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն: Այդ խնդիրները մշտապէս պիտի ըլլան Հայաստանի կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին»,- ընդգծած է Փաշինեան: