Երեքշաբթի՝ 1 Մայիս 2018-ին, իրաւունքի ուժով գումարուած Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ վարչապետ չընտրուեցաւ՝ բաւարար քանակութեամբ կողմ ձայներու բացակայութեան պատճառով:
Նիկոլ Փաշինեանին օգտին կողմ քուէարկեց 45 պատգամաւոր, դէմ՝ 56, ձեռնպահ պատգամաւորներ չկային:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ ԱԺ «Ծառուկեան», ՀՅԴ, «Ելք» խմբակցութիւնները հանդէս եկած էին Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը սատարելու պատրաստակամութեամբ, սակայն ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը ԱԺ ամբիոնէն յայտարարեց, որ ան չի մասնակցիր վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի ընտրութեան քուէարկութեան:
Նշուած երեք խմբակցութիւնները կողմ քուէարկեցին Նիկոլ Փաշինեանի օգտին, իսկ իշխող ՀՀԿ խմբակցութիւնը դէմ քուէարկեց Փաշինեանին, բացառութեամբ Ֆելիքս Ցոլակեանը: Վերջինս կողմ քուէարկեց «Ելք» խմբակցութեան ղեկավարի թեկնածուի օգտին:
Յիշեցնենք, որ ըստ ՀՀ Սահմանադրութեան՝ վարչապետը կ’ընտրուի ձայներու մեծամասնութեամբ՝ անուանական քուէարկութեամբ:
105 պատգամաւոր ունեցող խորհրդարանի պարագային վարչապետ ընտրուելու համար բաւարար էր 53 ձայնը:
Աւարտին յիշենք, որ մէկ շաբաթ անց կրկին տեղի կ’ունենայ ԱԺ յատուկ նիստ՝ ՀՀ վարչապետի ընտրութեան հարցը քննարկելու համար: