Աշխարհի տարբեր շրջաններէ եկած ներկայացուցիչներ, Երեւանի մէջ Ապրիլ 19-21 օրերուն ունեցան իրենց Բ. Համագումարը: Բացման նիստը կատարուեցաւ Թէքէեան Կեդրոնի մէջ 50 ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանի ՌԱԿ-ի կառոյցներու պատասխանատուներու եւ Արցախի Լիպերալ Ազատական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներով:
Հայաստանի, Արցախի եւ ՌԱԿ-ի հիմներէն ետք, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցան վերջին շրջանի նահատակները:
Համագումարի պաշտօնական բացումը կատարեց Համագումարի Մարմնի համակարգիչ Վարդան Նազիրեան: Ան ներկայացուց Նոյեմբերի Ա. Համագումարէն մինչեւ այսօր կատարուած աշխատանքները, որոնք հասած ըլլալով իրենց լրումին, այժմ կը ներկայանան գործադրութեան դնելու առնուած որոշումները, որոնք ի վերջոյ պիտի հանգին կուսակցութեան վերականգնումին ու վերջնական միութեան:
Այնուհետեւ, հրաւիրուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի փոխ Նախարար Վահագն Մելիքեան, որ կը ներկայացնէր Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը: Ան բարձրօրէն գնահատեց ՌԱԿ-ի տասնամեակներու վրայ երկարող հայրենասիրական գործը զանազան հայաշատ համայնքներէ ներս, Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործի անդրադառնալով, նշեց, թէ այդ աւանդական կապերը այսօր կը շարունակուին եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց կուսակցութեան ամբողջական միութեան աշխատանքներուն համար:
Այնուհետեւ, յաջորդաբար խօսք առին ղեկավար ընկերներ Երուանդ Ազատեան (ԱՄՆ), Յակոբ Աւետիքեան (Երեւան), եւ Արտաւազդ Մելքիսէթեան (Լիբանան), Յակոբ Վարդիվառեան (ԱՄՆ), որոնք ծանրացան ՌԱԿ-ի գալիք տարիներու պատասխանատուութեան, հայրենական թէ Սփիւռքեան կեանքին մարտահրաւէրներուն որպէս մասնակից աւանդական կուսակցութիւն՝ իր տարիներու փորձառութեամբ
Ընկեր Յակոբ Վարդիվառեան ներկայացուց ՌԱԿ-ի մամուլը, իր ունեցած դերը հայկական գաղութներէ ներս կատարած հայրենանուէր աշխատանքը գաղթահայութիւնը պահելու հայրենասիրական զգացումներով եւ Սբ. Էջմիածնի հաւատարմութեամբ:
Խօսք առաւ նաեւ Արցախի Դեմոկրատ Լիպերալ կազմակերպութեան ներկայացուցիչը Բարթուղ Գալստեանը, ներկայացնելով Հայրենիքի ճակատագրական այս օրերու սեղմ պատկերը:
Ժողովը ընտրեց իր դիւանը համա-ատենապետութեամբ Վարդան Նազիրեանի եւ Երուանդ Ազատեանի, քարտուղարութիւնը՝ Դոկտ Հրաչ Գույումճեանի, Արտաւազդ Մելքիսէթեանի եւ Պայծիկ Գալայճեանի:
Տեսաերիզի վրայ ելոյթներ ունեցան Մոնթրէալէն ղեկավար ընկերներ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան եւ Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան:
Այնուհետեւ, ներկայացուեցան զանազան շրջաններու տեղեկագիրները իրենց անդամակցութեան թիւերով, աշխատանքային ապագայի ծրագիրներով եւ նիւթական հաշուետուութեամբ: Ելոյթներ ունեցան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջանակներու ներկայացուցիչները, Գանատայի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Արաբական Ծոցի եւ Աւստրիոյ ներկայացուցիչները:
Ժողովը պիտի շարունակուի յաջորդող երկու օրերուն:
Թղթակից