ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. «ԱՐՑԱԽԸ  ԴԱՐՁԱՒ  ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՏՈՒԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ  ԵՒ  ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆ  ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ»

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի յղած ուղերձը Արցախի Ազատամարտիկներու Միութեան 7-րդ համաժողովի մասնակիցներուն:

 

«Համաժողովի յարգարժա՛ն մասնակիցներ եւ հիւրեր,
Սիրելի՛ ազատամարտիկներ,
Իմ սիրելի՛ մարտական ընկերներ,

Սրտանց կ’ողջունեմ ձեզ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ Արցախի ազատամարտիկներու միութեան 7-րդ համաժողովի աշխատանքներուն: Իմ ողջոյններն ու բարեմաղթանքները կը յղեմ նաեւ մեր բոլոր զինակից ընկերներուն, անոնց հարազատներուն եւ մերձաւորներուն: Կ’ըսեմ՝ «մեր», քանի որ ինձ ձեզմէ չեմ առանձնացներ:

Արցախը իրեն պարտադրուած պատերազմ մտաւ՝ դառնալով ընդարձակ ռազմաբեմ, եւ դուրս եկաւ՝ որպէս իր օճախ ներխուժած ոսոխին դուրս շպրտած ինքնուրոյն ու կայացած հանրապետութիւն: Ուրախ եմ, որ դուք կը շարունակէք աչքի լոյսի պէս պահպանել մարտի դաշտին մէջ կոփուած եղբայրութիւնը՝ ինքնակազմակերպվելով եւ իրար նեցուկ կանգնելով:

Արցախը դարձաւ մեր նորագոյն պատմութեան Հայոց բերդը, հայ ժողովուրդի պատուախնդրութեան, տոկունութեան եւ յաղթանակի խորհրդանիշը: Ուղիղ 30 տարի առաջ արցախցին ոտքի կանգնեց՝ շտկելով իր մէջքը, պահանջեց ազատութիւն՝ մերժելով իրեն պարտադրուած օտար լուծի կապանքները:

Այսօր, դիմելով Արցախի հերոսամարտը կերտած մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, պէտք է շեշտեմ՝ արցախցին իր տունը պաշտպանած է, եւ հենց անոր շնորհիւ մարտի դաշտէն յաղթանակած դուրս եկած է: Իր արդար պայքարին մէջ արցախցին միայնակ չմնաց. անոր սատարեցին հայորդիներ Հայոց աշխարհի բոլոր կողմերէն՝ նեցուկ կանգնելով Արցախի ժողովուրդի դատին: Այդ ճակատագրական ժամանակահատուածին իւրաքանչիւր հայ սրտի թրթիռով կ’ակնկալէր ոգեւորիչ լուրեր Արցախէն՝ հաւատալով, որ մեր պայքարը արդար է, դիրքերը՝ ամուր:

Փառք մեր ինկած հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքի գնով մեզի համար արժանապատիւ ապրելու հնարաւորութիւն ստեղծեցին: Մենք ամէն վայրկեան մեր ուշադրութեան կեդրոնը պէտք է պահենք մեր կողքին ապրող հերոսներուն, որոնք աննկուն էին ռազմի դաշտին մէջ եւ այդ նոյն աննկունութեամբ ալ այսօր կը կռում Արցախի խաղաղ ու բարեբեր ապագան:

Կրկին ջերմօրէն ողջունելով համաժողովի մասնակիցներն ու հիւրերը՝ միութեան կը մաղթեմ արդիւնաւէտ գործունէութիւն՝ ի շահ Արցախի եւ համայն հայութեան:

Փառք Արցախի ազատամարտիկներուն, փառք ձեր խիզախութեանն ու սխրանքին»: