Տիգրան Բալայեան. «Պաքուն հետախուզական փորձով կ՝ուզէ դիւանագիտութեան մէջ եղած ձախողումները փոխարինել»

Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ Ատրպէյճանի նախաձեռնած հետախուզական ներթափանցման վերջին փորձը նպատակ ունի շեղելու միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներէն:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին Twitter իր էջին գրած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեանը:

«Պաքուն կը փորձէ փոխարինել դիւանագիտութեան մէջ եւ միջազգային հարթակի վրայ իր ձախողումները, շեղել ուշադրութիւնը Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու խախտումներէն` սահմանագիծին վրայ սադրանքներ կազմակերպելով: Պիտի չյաջողի»,- գրած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակը: