Էրտողան դարձեալ խօսած է Թուրքիա ապրող հայերուն մասին

Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայիպ Էրտողան վերստին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայաստանցիներուն իրենք կրնային արտաքսել, սակայն այլ քայլին չդիմեցին: Թրքական Radikal թերթին համաձայն, Էրտողան Ղազախստան մեկնելէ առաջ լրագրողներուն յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերուն նկատմամբ որեւէ բացասական վերաբերմունք չկայ: «Վանի Ախթամար կղզիի եկեղեցին պետական պիւտճէի գումարներով վերանորոգեցինք», ըսաւ Էրտողան: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Ցեղասպանութեան հարցով Եւրոխորհրդարանի կողմէ վաւերացուելիք որեւէ որոշում իրենց մէկ ականջէն մուտք պիտի գործէ, միւսէն՝ դուրս գայ: