ԱԱԾ տնօրէն. «Յառաջիկային կը սպասուի գերիներու եւ անհետ կորսուածներու հարցով հանդիպում ատրպէյճանական կողմին հետ»

Յառաջիկային կը սպասուի գերիներու եւ անհետ կորսուածներու հարցով հանդիպում ատրպէյճանական կողմին հետ։

Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին յայտնեց ԱԱԾ տնօրէն Արմէն Աբազեան:

«Շատ հնարաւոր է յառաջիկայում նման հանդիպում կազմակերպուի: Թիւեր չհնչեցնեմ, բայց յառաջիկայում շատ հնարաւոր է, որ տեղի ունենայ հանդիպում յանձնաժողովների կազմով»,- նշեց Աբազեան:

Ժամկէտներու եւ վայրի վերաբերեալ, ըստ ԱԱԾ տնօրէնի, որոշում չկայ:

Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Ատրպէյճանի մէջ հիմա 23 հայ գերութեան մէջ է, անոնցմէ 8-ը Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարութիւնն է։