ԱԺ-ն ընդունեց տարեկէտման իրաւունքը սահմանափակող օրէնքը

Ազգային ժողովը Հինգշաբթի՝ 16 Նոյեմբեր 2017-ին, երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջապէս ընդունեց Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին օրէնքի նախագիծը, որուն հիման վրայ նախատեսուած է տարեկէտման իրաւունքի սահմանափակում։ Կողմ քուէարկեցին 86 պատգամաւորներ, դէմ քուէարկեցին միայն ԵԼՔ խմբակցութեան 6 պատգամաւորները։

Նախագիծը դեռ պէտք է ստորագրէ ՀՀ նախագահը, որմէ ետք միայն ան ուժի մէջ կը մտնէ։