Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ, Զինուած Ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի եւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ, աւանդոյթի համաձայն, այցելած է հանրապետութեան սահմանամերձ բնակավայրերէն մէկը եւ պետական սահմանի պահպանութեան տեղամաս ու մարտական դիրք:
Այս տարի Նախագահը այցելած է Տաւուշի մարզի Պառաւաքար համայնքը եւ սահմանային տեղամասն ու մարտական դիրքը: Սերժ Սարգսեան հանդիպած է մարտական դիրքէն ներս ծառայող զինուորներուն եւ հրամանատարներուն, շրջած է մարտական յենակէտին մէջ եւ ծանօթացած տարուող աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ զինուորներու կենցաղային պայմաններուն:
Հանրապետութեան Նախագահը խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ յատկանշուած խումբ մը սպաներ եւ զինուորներ` անոնց յանձնելով նուէրներ: Սերժ Սարգսեան թէյի սեղանին շուրջ զրուցած է զինուորներուն հետ, որմէ ետք տօնական սեղանի շուրջ մարտական յենակէտին մէջ անոնց հետ ճաշած է:
Նախագահը շնորհաւորած է Հայոց Բանակի բոլոր զինուորները գալիք տօներուն առիթով, յղած է բարեմաղթանքներ եւ շնորհակալութիւն յայտնած է անձնուէր ծառայութեան համար:
Հանրապետութեան նախագահը այնուհետեւ սահմանամերձ Պառաւաքարէն ներս հանդիպում ունեցած է գիւղի, ինչպէս նաեւ Վարագաւան, Ներքին Ծաղկաւան, Չինչին համայնքներու բնակիչներուն ու Իջեւանի եւ Բերդի տարածաշրջաններու սահմանամերձ համայնքներու ղեկավարներուն եւ վարչական ներկայացուցիչներուն հետ: Տօնական սեղանին շուրջ Սերժ Սարգսեան զրուցած է անոնց հետաքրքրող եւ յուզող հարցերու մասին, շնորհաւորած ու բարեմաղթութիւններ յղած գալիք տօներուն առնչութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահը ծաղիկներ տեղադրած է ազատամարտիկներու յիշատակին նուիրուած խաչքարին եւ Վեհափառ Հայրապետին հետ մոմ վառած խաչքարին մօտ գտնուող մատուռին մէջ: