Կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքէլեան նախ նշեց, որ մի քանի օր ետք պիտի նշենք առաջին հանրապետութեան 100-ամեակը, ապա ընդգծեց, որ սա առիթ է, որպէսզի վերյիշենք մեր պատմութեան, Առաջին հանրապետութեան կերտողները:
«Առիթ է` վերլուծելու անոնց կեանքը, գործունէութիւնը: Յատկապէս` խորհրդարանական այս ձեւը, որ այսօր կայ, ունէր նաեւ Առաջին հանրապետութիւնը: Սա լաւագոյն առիթ է Հայաստանի եւ Սփիւռքի ողջ մտաւոր ներուժը բերելու, համախմբելու, որպէսզի մենք մեր անցեալով նաեւ գնահատենք մեր ներկան: Յարգելի’ կառավարութիւն, վերջին իրադարձութիւններու պատճառով ուշադրութենէ դուրս մղուեցան Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի հետ կապուած որոշ ձեռնարկներ: Կ՛ուզեմ հարցնել` յառաջիկայ օրերուն ի՞նչ ձեռնարկներ կը նախատեսուին: Յատկապէս` կը ցանկանամ իմանալ` ի՞նչ ճակատագիր ունեցաւ Արամ Մանուկեանի արձանը, ե՞րբ պիտի տեղադրուի, որ այն պարունակին մէջ ամենակարեւորներէն մէկն է` նկատի ունենալով, որ ան մեր պատմութեան խորհրդանիշերէն մէկն է»,- դիմելով վարչապետին` հարցուց Առաքէլեան:
Փաշինեան պատասխանեց, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէ ետք արդէն երկու խորհրդակցութիւն ունեցած է 100-ամեակի ձեռնարկներու թեմայով եւ շատ կարեւորութիւն կու տայ այդ յոբելեանին` անիկա բացառիկ արժէքային նշանակութիւն ունի:
«Այո, պէտք է խոստովանիլ, որ քաղաքական իրադարձութիւններու պատճառով որոշ չափով ուշադրութիւնը տեղափոխուած է 100-ամեակի ձեռնարկներէն: Բայց ես կ՛ուզեմ հաւաստիացնել, որ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան պատշաճ, եւ երէկ մենք կառավարութեան նիստի ընթացքին արձանագրեցինք, որ 100-ամեակը միայն Մայիս 28-ը չէ, որովհետեւ Մայիս 28-ին 100-ամեակը կը լրանայ, բայց յառաջիկայ մէկ տարին, ըստ էութեան, 100-ամեակ է, եւ մենք մշակոյթի նախարարի հետ այդ թեման քննարկած ենք, ու պէտք է պատշաճ մակարդակով ցուցադրութիւններ կազմակերպենք թանգարաններու մէջ: Դուք գիտէք, որ Սարդարապատի մէջ տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկ, որ ռազմական շքերթի տարրեր պիտի պարունակէ: Նոյն օրը երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակի վրայ տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ, եւ ես վստահ եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ պիտի գան Հանրապետութեան հրապարակ` այդ տօնը նշելու: Պիտի ըլլայ հրավառութիւն:
«Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրումը որոշակիօրէն կը յետաձգուի, եւ մենք նաեւ այս թեման քննարկած ենք ե՛ւ կառավարութեան, ե՛ւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեր գործընկերներուն հետ: Ի հարկէ, մենք շատ կարեւոր կը նկատենք արձանի տեղադրման արարողութիւնը, եւ անիկա անպայման տեղի պիտի ունենայ: Որոշակի հարցեր ու մտահոգութիւններ կան արձանի տեղի հետ կապուած, որովհետեւ գիտէք` մօտ 100 մեթր հեռաւորութեամբ վրայ կը գտնուի Գարեգին Նժդեհի արձանը, եւ քաղաքաշինական առումով պէտք է հասկնալ` որքանով ճիշդ է նման մօտեցումը: Առնուազն, եթէ աւելի լաւ տեղ չգտնուի, արձանագրենք, որ այդ տեղը արդէն իսկ կայ: Մենք բոլոր ջանքերը պիտի գործադրենք, որ Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակը ոչ միայն Մայիս 28-ին, այլ շարունակաբար, պատշաճ մակարդակով անցնի, որովհետեւ անիկա իսկապէս մեծ տօն է եւ մեծ իրադարձութիւն մեր ժողովուրդի համար»,- յայտարարեց Փաշինեան: