ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան, Մայիս 30-ին կայացած լրագրողներու 9-րդ համաժողովին, «Արի Տուն» ծրագրի մասին իր կարծիքը յայտնեց ըսելով, որ անիկա աւելորդ ծրագիր է, որովհետեւ կան այլ կառոյցներ, որոնք նմանատիպ շատ ծրագրեր կ’իրականացնեն։
Յունիս 12-ին, վերջինս aysor.am-ին տուած հարցազրոյցին ժամանակ, լրագրողի այն հարցումին թէ, ի՞նչ գործունէութիւն ծաւալած է Սփիւռքի նախարարութիւնը այս տարիներուն ընթացքին, պատասխանած է․ «Այս տարիներուն ընթացքին զբաղած է մետալներով, փառատօններով ու զբօսաշրջութեամբ: Իսկ մեր պատկերացմամբ Սփիւռքը առաւել կարեւոր դեր ունի ու այդ ներուժը պէտք է կարենանք շատ աւելի ճիշդ ու համապարփակ օգտագործել: Անիկա պէտք է ըլլայ ե’ւ ի նպաստ Հայաստանի զարգացման, ե’ւ յօգուտ դուրսի հայկական համայնքներուն: Պէտք է կարենանք Սփիւռքը ներգրաւել Հայաստանի աշխատանքներուն մէջ՝ միաժամանակ որոշ չափով աջակցելով ու օժանդակելով իրենց` յատկապէս հայապահպանութեան հարցով: Այսպէս ըսած, թիկունք կանգնինք անոնց»:
Այս պատասխանը կը վկայէ այն մասին, որ փոխնախարարը բացարձակապէս չէ ուսումնասիրած նախարարութեան ծրագրերն ու գործունէութիւնը կամ կ’ուղղորդուի «անցեալէն եկած ամէն ինչը վատ է եւ պէտք է ջնջել» սկզբունքով։
Այսօր ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կը յայտարարէ «Օգոստոս 10-24, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը 13-21 տարեկան սփիւռքահայ երեխաներու եւ երիտասարդներու համար պիտի իրականացնէ «Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս կ՛իրականացուին հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացներ եւ կը կազմակերպուին ճանաչողական այցելութիւններ Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր:
“Մասնակիցներու գիշերակացը կ՛ապահովուի հիւրընկալ ընտանիքներուն մօտ, վերջին չորս օրը` ճամբարի մէջ:
“Մասնակցութեան յայտերու ընդունման վերջնաժամկէտը Յունիս 30-ն է:
“Յայտադիմումները լրացնելու համար կրնաք այցելել՝
https://docs.google.com/forms/d/e/1FAIpQLSfwGc8G_z-89ZGv9I5aFO53NjOxjzv7AhJNIRcVVwJvc71SZg/viewform
Այս յայտարարութիւնը կ’ազդարարէ «Արի Տուն» եւ «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագրերու մէկտեղուած մեկնարկի մասին, պարզապէս «Արի» բառը փոխարինուած է «քայլ դէպի» բառերով։ Հիմք ընդունելով յայտարարութիւնը, ծրագիրը բովանդակային իմաստով որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած, իսկ յետաձգուելով՝ անորուշութեան մատնած բոլոր զանոնք, որոնք տոմս առած ու պատրաստուած էին ծրագրին մասնակցելու՝ Յունիսին եւ Յուլիսին։
Հիմք ընդունելով այս բոլորը՝ պարզուեցաւ, որ «նորաթուխներ»-ը «դուխ» չունեցան ըսելու, թէ ծրագիրները կը շարունակուի՝ պարզապէս փոխուած անունով։
Համերաշխութիւն յայտարարած կառավարութեան ներկայացուցիչները պէտք է ազնիւ ըլլան եւ ճիշդ գնահատականներ տան անցեալի ե՛ւ վատ ե՛ւ լաւ ծրագրերուն։ Այնպէս ինչպէս ըրաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը՝ յայտարարելով, որ իր ղեկավարած նախարարութեան ծրագիրները կը շարունակուին։
«ԵՌԱԳՈՅՆ»