Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի յատուկ նիստին ընթացքին, Արմէն Սարգսեան երդում կատարելէ ետք ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները՝ դառնալով հանրապետութեան 4-րդ նախագահը:
«Արմէնփրէս»ի համաձայն, նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեան երդում կատարեց` ձեռքը դնելով Վեհամօր Աւետարանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան վրայ: Երեւանի Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրէն ներս 9 Ապրիլին գումարուող Ազգային Ժողովի յատուկ նիստին սկիզբը դահլիճ բերուեցան պետական եւ հոգեւոր խորհրդանիշեր: ՀՀ նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեան երդման արարողութեան ընթացքին հաստատեց. «Ստանձնելով հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը՝ կ’երդնում. հաւատարիմ ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, իմ լիազօրութիւններուն իրականացման ընթացքին ըլլալ անաչառ, առաջնորդուիլ միայն համապետական ու համազգային շահերով եւ իմ ողջ ուժը ներդնել ազգային միասնութեան ամրապնդման գործին մէջ: Աստուած ինծի օգնական»:
Երդման արարողութենէն ետք հնչեց Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս արտասանեց հայրապետական օրհնանքի խօսք, որմէ ետք Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով. «Այսօր ինծի համար մեծ պատիւ է ստանձնել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը: Ասիկա վիթխարի պատասխանատուութիւն է ժողովուրդին եւ պատմութեան առջեւ: Սա զիս կը մղէ ամբողջ ուժերս ու եռանդս լարել՝ արդարացնելու համար այն վստահութիւնը, որ 2 Մարտին ինծի վստահեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը՝ արդարացնելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան զանազան շերտերուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն յոյսերը: Ինծի ուժ կու տայ հաւատքը… Հաւատքը մեր երկրին եւ ժողովուրդին ապագային հանդէպ: Այսօր կը գտնուինք Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակի շեմին եւ անցում կը կատարենք դէպի պետական կառավարման նոր համակարգ: Այսինքն՝ մէկ կողմէ ունինք հարիւրամեայ պատմութիւն, միւս կողմէ կը սկսինք նոր էջ մը: Յանուն Արցախի մղուած յաղթական ազատամարտը մեզի վերադարձուց մեր ազգային արժանապատուութիւնը, բարձրացուց մեր ոգին: Այսօր ոեւէ մէկը թող չկասկածի, որ Հայաստանը եւ ամբողջ ժողովուրդը կանգնած է Արցախի թիկունքին եւ պիտի պայքարի անոր իրաւունքներուն համար: Փառք ու պատիւ մեր ժողովրդին ու անոր հերոսներուն, փառք Հայոց բանակին»:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը 9 Ապրիլէն անցում կը կատարէ դէպի լիարժէք խորհրդարանական կառավարման համակարգ: Այսպիսով Նախագահ Սերժ Սարգսեանի լիազօրութիւններու աւարտին ժամկէտը հասած է արդէն: ՀՀ Սահմանադրութեան համաձայն, կը սպասուի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հրաժարականը: Կառավարութեան անդամները կը շարունակեն իրենց պարտականութիւնները ի կատար ածել մինչեւ նոր կառավարութեան կազմաւորումը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ եօթը օրերուն ընթացքին:
Արմէն Սարգսեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք այցելեց Եռաբլուր
Երդման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի ուղեկցութեամբ ՀՀ նախագահը ծաղիկներ խոնարհեց սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ տեղադրեց Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու ու զինծառայողներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:
«Եռաբլուր»-ի մէջ ՀՀ ՊՆ զինուորական երգչախումբը կատարեց Զինուած ուժերու քայլերգը:
Արմէն Սարգսեան ընդունած է Հ. Հ. կառավարութեան հրաժարականը
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է կառավարութեան հրաժարականը ներկայացուցած Կարէն Կարապետեանին անոր բեղմնաւոր եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին համար:
Այս մասին Սարգսեան յայտնած է Կարապետեանի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին:
«Քանի մը վայրկեան առաջ հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան ներկայացուցած է իր եւ կառավարութեան հրաժարականը: Առաջնորդուելով ՀՀ Սահմանադրութեամբ` ընդունած եմ հրաժականը եւ ստորագրած համապատասխան հրամանագիրը` հանրապետութեան նախագահի առաջին հրամանագիրը, որով այս պահէն Կարէն Կարապետեանը եւ կառավարութիւնը պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը` որպէս գործող կառավարութիւն:
Կարճ զրոյցի ընթացքին ես պարոն Կարապետեանին եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւն յայտնեցի իր վերջին շրջանի գործունէութեան, բեղմնաւոր եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի համար: Յոյս յայտնեցի ու նաեւ վստահ եմ, որ Կարէն Կարապետեանը ոչ միայն այս կարճ ժամանակահատուածին պիտի շարունակէ աշխատանքը որպէս ժամանակաւոր կառավարութեան ղեկավար, այլեւ` յետագային եւս այս կամ այն ձեւով իր ներդրումը պիտի բերէ եւ՛ կառավարութեան, եւ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, քանի որ տաղանդաւոր մարդիկ, տաղանդաւոր գործիչները, ինչպիսին Կարէն Կարապետեանն է, ցաւօք սրտի շատ չեն: Յուսամ` ապագային աւելին շատ կ՛ըլլան: Կրկին կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել եւ յաջողութիւն մաղթել»,-ըսած է նախագահը:
ՀՀ Սահմանադրութեան համաձայն` կառավարութեան անդամները կը շարունակեն իրենց պարտականութիւններու կատարումը մինչեւ նոր Կառավարութեան կազմաւորումը:
Ապրիլ 9-16 ՀՀ վարչապետի թեկնածուի առաջադրման ժամկէտն է, իսկ Ապրիլ 17-ին խորհրդարանը բաց անուանական քուէարկութեամբ կ’ընտրի ՀՀ վարչապետը: Կառավարութիւնը կը կազմաւորուի վարչապետ նշանակուելէն ետք` տասնհինգօրեայ ժամկէտի մէջ: Իր նշանակումէն ետք վարչապետը հնգօրեայ ժամկէտի մէջ Հանրապետութեան նախագահին կ՛առաջարկէ փոխվարչապետներու եւ նախարարներու թեկնածուները: Հանրապետութեան նախագահը եռօրեայ ժամկէտի մէջ կամ կը նշանակէ փոխվարչապետներն եւ նախարարները, կամ կը դիմէ Սահմանադրական դատարան: Սահմանադրական դատարանը դիմումը կը քննէ եւ որոշում կը կայացնէ հնգօրեայ ժամկէտի մէջ: Եթէ Հանրապետութեան նախագահը եռօրեայ ժամկէտի մէջ չի կատարեր սոյն յօդուածով սահմանուած պահանջները, ապա համապատասխան փոխվարչապետը կամ նախարարը նշանակուած կը համարուի իրաւունքի ուժով:
Կառավարութեան կազմաւորումէն ետք` քսանօրեայ ժամկէտի մէջ, վարչապետը Ազգային ժողով կը ներկայացնէ Կառավարութեան ծրագիրը: