Փետրուար 11-ին, Երևանի մէջ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի հանդիպումը ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն և ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Վարդան Նազիրեանի հետ:
ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան ներկայացնելով Արմէն Սարգսեանը նշեց, որ վերջինիս թեկնածութեան առաջադրումը պետութեան համար այդ կարևորագոյն պաշտօնին ոգևորող է կուսակցութեան համար, քանի որ լաւ ծանօթ ըլլալով Արմէն Սարգսեանի գործունէութեան թէ՛ Հայաստանի և թէ՛ Սփիւռքի մէջ , կ’ակնկալեն նոր քաղաքական մշակոյթի ձևաւորում և զարգացման նոր իրողութիւն Հայաստանի համար:
Արմէն Սարգսեան նշեց, որ նախ կ’ուզէ լսել կուսակցութեան ակնկալիքներն ու մօտեցումները ինչպէս իր առաջադրման, այնպէս ալ Հայաստանի ներքին եւ համահայկական խնդիրներու վերաբերեալ, ապա ներկայացնել իր տեսլականը: ՙԵկած եմ ձեզ լսելու՚, ըսաւ ան, յիշելով անկախութեան առաջին տարիներու իր այցելութիւնները «Ազգ»ի խմբագրութիւն, երբ միտքը զբաղած էր համակարգչային ծրագրերու համար հայկական տառատեսակներ ստեղծելու գաղափարով:
ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները, անդրադառնալով իրենց մօտեցումներուն համահայկական հիմնախնդիրներու վերաբերեալ, կը խօսէին Հայաստանէն ներս օրէնքի գերակայութեան, ներքին մթնոլորտը փոխելու, Սփիււռքի հետ յարաբերութիւնները նորովի կառուցելու, Սփիւռքի ցանցային կառոյցները արդիւնաւէտ եւ ի նպաստ համահայկական խնդիրներու լուծման գործածելու անհրաժեշտութենէն: Առանձնակի արձագանգուեցաւ գիտութեան ու կրթութեան զարգացման նպաստելու, զանգուածային լրատուամիջոցներու անկախութեան նպաստելու նոր քաղաքական մշակոյթ ձևաւորելու անհրաժեշտութիւնը:
Արմէն Սարգսեան մէկ առ մէկ անդրադարձաւ բարձրացուող հարցերուն` բովանդակալից և խորքային պատասխան տալով անոնց, ներկայացնելով նաեւ իր մօտեցումներն ու տեսլականը: Ան անդրադարձաւ հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանը աշխարհին մէջ ընթացող գործընթացներուն` բարձր արհեստագիտութեան, կրթութեան ու գիտութիւնը խթանելուն, Հայաստանի հիանալի մարդկային ներոյժն օգտագործելով` Հայաստանի տեղը միջազգային ընդհանուր զարգացման մեջ ապահովելուն եւ Հայաստանի համար աւելի լայն շուկայ ապահովելուն:
Արմէն Սարգսեանէն լաւատեսութիւն կը փոխանցուէր` Հայաստանի մէջ փոփոխութիւններ կատարելու իր ունեցած վստահութեան առումով: Նախագահի պաշտօնի հանդէպ երկու մօտեցում առանձնացուց` կառավարման եւ առաջնորդման: Առաջինը գործադիր խնդիր է, որուն համար կայ կառավարութիւն: Մինչդեռ նախագահի պաշտօնը ստանձնելու պարագային ան կ’ուզէր վերցնել առաջնորդողի դերը` դէպի փոփոխութիւններ, կրթական բարձր մակարդակով եւ աշխարհի տարածքին ընդունուած կանոններով երկիրը տանելով նոր գործելակերպի: