Երեւանի մէջ Փետրուար 23-ին տեղի պիտի ունենայ մեծ միջազգային գիտաժողով` նուիրուած Արցախեան շարժման 30-ամեակին:
Գիտաժողովին տարբեր երկիրներէ, գիտական հիմնարկներէ բազմաթիւ հեղինակաւոր մասնագէտներ պիտի մասնակցին: Մասնակցութեան իրենց համաձայնութիւնը տուած են Մետիա ոլորտի ճանչցուած դէմքեր: Այս մասին նշած Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան:
«Մենք կը շեշտադրենք, որ Արցախեան շարժումը միայն ինքնորոշման իրաւունքի համար ծաւալուած շարժում չէր, ան ազգային ազատագրական պայքար էր, որ տրամաբանօրէն յանգեցուց Հայաստանի անկախացման: Ամենակարեւորը, պիտի ցանկայինք լսել մեր միջազգային գործընկերներու, արտասահմանեան մասնագէտներու խօսքը Արցախեան շարժման վերաբերեալ»,-ըսած է Մելքոնեան: