Արդէն երկու տարի լրացաւ այն օրէն, երբ Ատրպէյճանը կրկին լայնածաւալն ռազմական յարձակում սանձազերծեց Արցախի անկախ պետականութեան հանդէպ: Ռազմական յարձակման առաջին իսկ ժամերուն՝ ատրպէյճանական զինուորականները ռազմական յանցագործութիւններ իրականացուցին Արցախի Թալիշ գիւղի խաղաղ բնակիչներու հանդէպ։ Այդ վայրագութիւնը կրկին անգամ փաստեց, որ Արցախը երբեք պէտք չէ եւ չի կրնար հրաժարիլ ազատագրուած տարածքներէն, որոնք շատերը անվտանգութեան գօտի կ՝անուանուին:
Վախով ու ատելութեամբ դրդուած ատրպէյճանցի զինուորականները ռազմական յանցագործութիւններ իրականացուցին նաեւ մարտական գործողութիւններու ժամանակ, անհաւասար մարտերու մէջ դաժանաբար սպաննելով շարք մը հայ զինուորականներ։ Այդ փաստը միայն կարելի է որակել իբրեւ ատրպէյճանական պետութեան հակահայ քարոզչութեան ու ատելութեան սերմանման անմիջական արդիւնք:
Երկու տարի առաջ, Ապրիլի սկիզբը, Արցախի մէջ տեղի ունեցածը մէկ անգամ եւս փաստեց, որ Արցախի ժողովուրդը երբեք ու ոչ մէկ պարագայի կրնայ ապրիլ Ատրպէյճանի հետ մէկ պետութեան կազմի մէջ: Ատիկա հասկցաւ նաեւ ողջ քաղաքակիրթ աշխարհը։
Հայ զինուորի ոգիի, հայրենասիրութեան ու ռազմական գիտելիքներուն շնորհիւ՝ քառօրեայ պատերազմը կրկին պսակուեցաւ հայ ժողովուրդի փառայեղ յաղթանակով:
Յաւերժ փառք ու պատիւ մեր նահատակուած հայ զինուորներուն, ինչպէս նաեւ հաշմանդամ մնացածներուն եւ ողջ ու առողջ պատերազմէն վերադարձածներուն: Անոնք բոլորը անհաւասար մարտերու մէջ փառքով պահեցին հայրենի Արցախի անկախ ապրելու իրաւունքը եւ կրկին անգամ ազատ ու խաղաղ երկնքի տակ ապրելու իրաւունք ընձեռեցին փոքրիկ արցախցիներուն՝ մեր անկախ երկրի ապագայ սերունդին:
Արցախի անկախութեան համար անմահացած հերոս տղաները յաւերժ պիտի մնան մեր ժողովրդի սրտերուն մէջ:
Սամցխէ-Ջաւախքի Մետիա Վերլուծական Կեդրոն