Արցախի եւ Հայաստանի մասին պատմող CNN-ի ֆիլմը Մայիսին եթեր պիտի բարձրանայ

Ամերիկեան CNN հեռուստաընկերութեան «Էնթընի Պուրտըն. անծանօթ վայրեր» հեռուստահաղորդման նոր եթերաշրջանին պիտի ցուցադրուի Էնթընի Պուրտընի նկարահանած տեղեկութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մասին:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Ապրիլ 22-ին սկսող հաղորդաշարին նոր` 11-րդ եթերաշրջանին ընթացքին, պիտի ցուցադրուի 8 հատուած, որոնց ծիրէն ներս հեղինակը այցելած է Արեւմտեան Վիրճինիա (ԱՄՆ), Նիւ Ֆաունտլէնտ (Գանատա), Ուրուկուէյ, Պութան, Պեռլին (Գերմանիա), Ագատիանա շրջան (ԱՄՆ, Լուիզիանա նահանգ) եւ Հոնկ Քոնկ:

Հայաստանի մասին պատմող բաժինը պիտի ցուցադրուի Մայիս 20-ին: Հաղորդման մէջ հեղինակը լայնօրէն կը ներկայացնէ երկրի մշակոյթն ու պատմութիւնը: Անոր կ՝ուղեկցին յայտնի հայ երաժիշտ, System of a Down խումբի մենակատար Սերժ Թանկեանը եւ պատմաբան Ռիչըրտ Կիրակոսեանը: Ճաշելով տեղացիներու հետ՝ Պուրտըն կը բացայայտէ տեղի եւ Սփիւռքի մէջ բնակող հայերու վերապրումի պատմութիւնն ու արձանագրած յաջողութիւնները:

Նշենք, որ Էնթընի Պուրտըն Հայաստան եւ Արցախ այցելած էր 2017 Հոկտեմբերին: Արցախի մէջ ան եղած է Շուշի, ուր ճաշակած է ժենկեալով հաց, շիլայ, խորոված, տնական մածուն, թութի եւ հոնի օղի: Արցախ այցելութենէն անմիջապէս ետք՝ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ CNN-ի թղթակիցը կ՝ընդգրկուի Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ին մէջ: