Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, «Եւրասիա տէյլի» (eadaily.com) լրատուամիջոցի կայքին մէջ հրատարակուած «Արմինֆօ» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, թէ կը կարծէ, որ յառաջիկայ տասնամեակներուն՝ հաշուի առնելով ստեղծուած իրավիճակը, ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման սպասել պէտք չէ, քանի որ կողմերու դիրքորոշումները չափազանց հեռու են իրարմէ։
Ան չէ բացառած, որ իրավիճակի երկարատեւ պահպանումը կրնայ յանգեցնել հակամարտութեան գօտիին մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման: «Բայց ստեղծուած իրավիճակին մէջ՝ պատերազմէն խուսափելու համար՝ մենք պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք անոնց»,- ընդգծած է ան: Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք Ստեփանակերտը պատրա՞ստ է զիջումներու խնդիրը լուծելու համար` պետնախարարը նշած է. «Զիջումներու մասին խօսելու համար մենք պէտք է սկիզբը նստինք բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, իսկ յետոյ միայն որոշենք` երթալ փոխզիջումներու, թէ ոչ, եւ եթէ երթանք` ապա ինչպիսի: Ամէն պարագայի միանշանակ է այն, որ Արցախի կարգավիճակի եւ անվտանգութեան հարցերուն մէջ փոխզիջումներ չեն կրնար ըլլալ, մնացած բոլոր հարցերը այդ բանաձեւի ածանցեալներն են»:
Մեկնաբանելով միջազգային հարթակներու վրայ Արցախի ճանաչման ուղղուած գործընթաց սկսելու վերաբերեալ օրերս Արցախի խորհրդարանին մէջ Հայաստանի խորհրդարանականներուն ուղղուած կոչին` Յարութիւնեան նշած է, որ ատիկա չի խանգարեր եւ, հնարաւոր է, նոյնիսկ աջակցի խնդիրի լուծման: «Շատ լաւ պիտի ըլլայ, եթէ միջազգային հատուածները ճանչնան Արցախը, բայց կարելի չէ ըսել, որ ատիկա մեր հիմնական եւ վերջնական նպատակն է»,- ընդգծած է ան: Անդրադառնալով Արցախը ճանչնալու եւ այդպիսով վերջինիս միջազգային ճանաչման համար ուղի հարթելու վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւններուն ուղղուած կոչին` պետնախարարը նշած է. «Իսկ ի՞նչ պիտի տայ ատիկա մեզի: Հայաստանի կողմէ Արցախի ճանաչման անհրաժեշտութիւն չկայ. Մենք արդէն շատոնց մէկ երկիր ենք»։