Բանակի օրուան առթիւ Հայաստանի եւ Արցախի բարձրաստիճան այրեր այցելեցին «Եռաբլուր» պանթէոն

Բանակի օրուան առթիւ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան  եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն, Պաշտպանութեան եւ Զինուած ուժերու ղեկավար կազմի ուղեկցութեամբ Յունուար 28-ին այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու  իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
Նշենք, որ բարձրագոյն ղեկավարութեան այցելութենէն անկախ, «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելողներու շարքին եղաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան գլխաւոր թեկնածու Արմէն Սարգսեան: Նախագահի թեկնածուին ընկերակցեցան նախկին վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի եղբայրը` Արմէն Սարգսեան եւ գրող-հրապարակագիր Զօրի Բալայեան:

Մինչ այդ «Եռաբլուր»-ի մէջ նախագահ Սարգսեան Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած անձնուիրութեան եւ խիզախութեան համար զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն յանձնեց զոհուած հերոսներուն յետմահու շնորհուած պետական բարձր պարգեւները:

«Այսօր մենք Եռաբլուրի մէջ ենք: Այս սրբազան տօնի օրը մեր պարտքն է գլուխ խոնարհել յիշատակին առջեւ հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքի գնով մեզի կեանք եւ ազատութիւն պարգեւեցին: Վշտակից ենք մեր բոլոր զոհուածներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: Կոչ կ՛ընենք սերունդներուն` մշտապէս վառ պահել անոնց յիշատակը, Հայաստանի ժողովուրդի այս կարեւոր տօնի խորհուրդն ու իմաստը: Յաւերժ փա՜ռք մեր հերոսներուն: Կեցցէ՜ն Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը»,-ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց ՀՀ նախագահը:

Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած անվեհերութեան եւ խիզախութեան, կեանքին սպառնացող վտանգի պայմաններու մէջ ծառայողական պարտքը անձնազոհաբար կատարելու համար թիւ N զօրամասի ծառայութեան պետ, փոխգնդապետ Գեղամ Հենրիկի Մանուկեանը յետմահու պարգեւատրուեցաւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի մետալով:

Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելիս ցուցաբերած անձնուիրութեան եւ խիզախութեան համար դասակի հրամանատար, աւագ հարիւրապետ Սամուէլ Ժիրայրի Կարճիկեանը, պայմանագրային զինծառայող, կրտսեր յիսնապետ Արմէն Արտաշէսի Սաքանեանը , պայմանագրային զինծառայող, շարքային Գարեգին Յակոբի Մինասեանը, շարքային Մհեր Արամայիսի Երզնկեանը, շարքային Հրանտ Խաչատուրի Մանգասարեանը յետմահու պարգեւատրուեցան Մարտական ծառայութեան մետալներով:

Հանրապետութեան Նախագահը նաեւ իր շնորհաւորական ուղերձը յղեց Բանակի օրուան առթիւ:

Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահը Բանակի օրուան առիթով, նախագահական նստավայրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր պարգեւներով, շքանշաններով ու մետալներով պարգեւատրած է խումբ մը զինուորներ եւ ազատամարտիկներ` hայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած նուիրումի եւ խիզախութեան, ինչպէս նաեւ մատուցած նշանակալի ծառայութիւններուն համար  եւ անոնց շնորհած է բարձրագոյն զինուորական կոչումներ:

Աւարտին յիշենք նաեւ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան Կիրակի՝ 28 Յունուար 2018-ին, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ ներկայ գտնուած են Բանակի օրուան` Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու կազմաւորման 26-ամեակին նուիրուած «Յաղթանակներու դար» խորագիրով տօնական համերգին: