Բարեկամութեան հռչակագիր՝ Արցախի Մարտունի եւ Ֆրանսայի Պուրկ տէ Բէաժ քաղաքներու միջեւ

Աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը՝ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորութեամբ, Ապրիլ 3-ին այցելած է Ֆրանսայի Պուրկ տէ Բէաժ քաղաք եւ հանդիպած քաղաքապետ Նաթալի Նիեզոնի հետ։

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին կողմերը մտքեր փոխանակած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու գործունէութեան, այդ ոլորտին մէջ փորձի փոխանակման հնարաւորութիւններու վերաբերեալ, որմէ յետոյ պատուիրակութիւնը քաղաքապետ Նիեզոնի ուղեկցութեամբ շրջայց կատարած է Պուրկ տէ Բէաժի մէջ։

Այնուհետեւ քաղաքապետարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Ֆրանսայի Պուրկ տէ Բէաժ եւ Արցախի Մարտունի քաղաքներու միջեւ Բարեկամութեան հռչակագիրի ստորագրման պաշտօնական արարողութիւնը։ Հռչակագիրը ստորագրած են Մարտունիի եւ Պուրկ տէ Բէաժի քաղաքապետեր Մհեր Խաչատրեանն ու Նաթալի Նիեզոնը։

Արարողութեան ներկայ էին Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամ Տիտիէ Կիոնը, Լիոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսի տեղակալ Գայիանէ Մանուկեանը, «Ֆրանսա-Արցախ» բարեկամութեան շրջանակի ղեկավար Ֆրանսուա Ռոշպլուանը, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Օրուան աւարտին պատուիրակութիւնը Պուրկ տէ Բէաժի մէջ մասնակցած է «Արցախի ձայներ» խումբի համերգին։

Աշոտ Ղուլեանի ղեկավարած պատուիրակութեան կազմին մէջ են խորհրդարանի «Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Թովմասեանը, Մարտունիի քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեանը եւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը: