Գագիկ Յարութիւնեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ

Հայաստանի Հանրապետութեան դատական բաժանմունքի Արարողակարգի եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 174-րդ յօդուածի, «Հայաստանի Հանրապետութեան դատական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի 84-րդ յօդուածի, 166-րդ յօդուածի 8-րդ մասի հիմքով` 5 Մարտ 2018-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան սրահին մէջ տեղի ունեցած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդի առաջին նիստը:

Նիստը հրաւիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ ընտրուած 5 անդամներէ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ ընտրելու նպատակով:

Օրէնքով սահմանուած կարգով խորհուրդը գաղտնի քուէարկութեամբ միաձայնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ ընտրած է Գագիկ Յարութիւնեանը: