Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ եւ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Ալահշուքիւր Փաշազատէն Սեպտեմբերին պիտի հանդիպին: Այս մասին, ըստ News.am-ի, ըսած է Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեանը:
«Նախնական տուեալներով` հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 8-ին, Մոսկուայի մէջ»,- ըսած է Տէր Վահրամը:
Հանդիպումը կը կազմակերպուի Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Գիրիլի միջնորդութեամբ: