Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանը Լայփցիկի համալսարանին մէջ «ԼՂ Հակամարտութիւնը» խորագիրով դասախօսութիւն ներկայացուց

Լայփցիկի համալսարանի Լայպնիցի ուսումնարանին հրաւէրով՝ Արեւելեան Եւրոպայի պատմութեան եւ մշակոյթի բաժանմունքի ուսանողներու եւ ասպիրանդներու համար՝ ԳԴՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեան, Մայիս 22-ին, հանդէս եկաւ «ԼՂ հակամարտութիւնը» խորագիրով դասախօսութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ուսումնարանի տնօրէն փրոֆէսըր Շթեֆան Դրէոպսթը:

ՀՀ դեսպանը ներկայացուց ԼՂ հիմնահարցի ծագումնաբանութիւնը, անդրադարձաւ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներու միջնորդութեամբ ընթացող բանակցային գործընթացին: Դեսպան Սմբատեան իր ելոյթին մէջ նշեց նաեւ, որ հակամարտութեան խաղաղ եւ բանակցային տարբերակով լուծման համար այլընտրանք չկայ, իսկ յարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար Արցախի Հանրապետութիւնը, իբրեւ հակամարտութեան կողմ, պէտք է լիարժէք ներգրաւուած ըլլայ բանակցային գործընթացին:

Հանդիպման աւարտին դեսպանը պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցերուն: