Մարտ 28-ին Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ոիւնեցաւ ակադեմիայի 2017 թուականի գիտական եւ գիտակազմակերպական գործունէութեան հիմնական արդիւնքներուն նուիրուած տարեկան ընդհանուր ժողովը, որուն ներկայ եղաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
ԳԱԱ նախագահ, ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան ներկայացուց ակադեմիայի գիտական գործունէութեան կարեւորագոյն եւ կիրառական արդիւնքները, անդրադարձաւ հաշուետու տարուայ միջազգային համագործակցութեան ուղղութեամբ ակադեմիայի կողմէ իրականացուած աշխատանքներուն, միջազգային գիտական կառոյցներու մէջ ակադեմիայի ներգրաւուածութեան եւ միջազգային գիտաժողովներուն մասնակցութեան, գիտահետազօտական աշխատանքներուն:
Ռադիկ Մարտիրոսեան ներկայացուց նաեւ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գիտական աշխատանքներու տարեկան ֆինանսաւորման վերաբերեալ ցուցանիշները: Ան խօսեցաւ նաեւ ԳԱԱ կողմէ երիտասարդ գիտական գործիչներու պատրաստման ու գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ համալսարանական համակարգի համագործակցութեան արդիւնքներու մասին:
ԳԱԱի 2017թ. գիտակազմակերպական գործունէութեան մասին զեկուցեց ԳԱԱ ակադեմիկոս-քարտուղար, թղթակից անդամ Հրանտ Մաթեւոսեան:
Ժողովին ԳԱԱ թղթակից անդամ Պաւել Աւետիսեան ներկայացուց «Քաղաքակրթութիւնների եւ ժամանակների խաչմէրուկում. Հայաստանն ըստ նորայայտ հնագիտական տուեալներ»ի գիտական զեկուցումը:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունեց ակադեմիայի տարեկան ընդհանուր ժողովի մասնակիցները եւ ընդգծեց, որ գիտնականներու հետ իր հանդիպումներն ու ակադեմիայի տարեկան ժողովներուն աւանդաբար մասնակցութիւնը ոչ միայն յարգանքի դրսեւորում է գիտնականներու նկատմամբ, այլեւ գիտական հանրոյթի խնդիրներէն, գործունէութեան, գիտութեան վիճակին ծանօթանալու եւս մէկ եւ շատ լաւ հնարաւորութիւն է: Սերժ Սարգսեան նշեց, որ գիտնականներու հետ պարբերաբար տեղի ունեցող հանդիպումները, իր կարծիքով, նոյնկերպ պիտի շարունակուին, որովհետեւ պետութեան պահանջներն ու ակնկալիքները հայ գիտնականներէն շատ մեծ են: