Արցախի տարածքին բոլոր մզկիթները կը գտնուին պետութեան պաշտպանութեան ներքոյ: Այս մասին, ըստ News.am-ի, նշած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` մեկնաբանելով Պաքուի մեղադրանքները:
Բաբայեանի խօսքով` Արցախի տարածքին պահպանուած եղած է երեք մզկիթ` երկուքը Շուշիի մէջ եւ մէկը` Աղդամի: «Արցախի տարածքին ատրպէյճանական ժառանգութեան ո՛չ մէկ այլ «յուշարձան» չէ եղած»,- շեշտած է Դաւիթ Բաբայեան` նշելով, որ ասիկա պայմանաւորուած է զարգացած թիւրք ցեղի բացակայութեամբ: Թիւրքական ցեղեր բնակած են, սակայն ո՛չ մէկ «գլուխգործոց» չեն ստեղծած, պարզաբանած է Բաբայեանը: «Եղած երեք մզկիթները վերականգնուած են, անոնք կը գտնուին պետութեան պաշտպանութեան ներքոյ»,- ընդգծած է Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղարը:
Միաժամանակ, ան յիշեցուցած է հայկական մշակութային ժառանգութեան յուշարձաններուն հանդէպ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու վերաբերմունքին մասին: «Պետութիւն, որ հերոսներու շարքին կը դասէ մարդասպանները, այդ երկրի նախագահը կը սպառնայ խփել հայկական քաղաքացիական օդանաւերը, կ՝ոչնչացուին հայկական ժառանգութեան բոլոր յուշարձանները»,- նշած է Դաւիթ Բաբայեան: Անդրադառնալով UNESCO-ին` ան յիշեցուցած է Ատրպէյճանի թեկնածուին, ՌԴ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլուին ձախողումը. «Ա՛յն, որ ան գործնականօրէն չյաջողեցաւ ո՛չ մէկ ձայն ստանալ, կը վկայէ շատ բանի մասին»։
«Մենք թաքցնելու բան չունինք եւ դէմ չենք UNESCO-ի առաքելութեան: Սակայն, նման հսկողական առաքելութիւնները պէտք է իրականացուին նաեւ Ատրպէյճանի տարածքին` Ջուղայէն մինչեւ Պաքու: Ատրպէյճանի մէջ վիթխարի հայկական մշակութային ժառանգութիւն կայ, որ երկրի իշխանութիւններուն ջանքերով կ՝ոչնչացուի: Եթէ Ատրպէյճանը պատրաստ է հսկողութեան առաքելութիւններուն, ուստի մենք եւս պատրաստ ենք: Սակայն, կը կարծեմ, որ Ատրպէյճանը ամէն կերպ պիտի խոչընդոտէ իր տարածքին հսկողութեան իրականացման»,- նշած է Դաւիթ Բաբայեան: