Դիլիջանի մէջ, Նոյեմբեր 21-ին, Մոնթէ Մելքոնեանի 60-ամեակի նախաշեմին, կայացաւ Հայաստանի եւ Արցախի ազգային հերոսի անունը կրող ռազմամարզական վարժարանին պաշտօնական բացումը:
Հանդիսութեան ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ շնորհաւորելէ ետք բոլորը, իր ելոյթին մէջ նշեց,- «Այս վարժարանը Մոնթէի գործի շարունակականութեան փայլուն վկայութիւնն է, եթէ կ’ուզէք` անոր խորհրդանիշը: Մոնթէն պետականութեան եւ կանոնաւոր բանակի ստեղծման ամենաեռանդուն ջատագովներէն մէկն էր: Ան առաջիններէն էր, որ հասկցաւ կարգապահ, արհեստավարժ ու ներդաշնակ ստորաբաժանումներու ստեղծման կարեւորութիւնը: Մարտունիի պաշտպանական շրջանին, անոր ղեկավարած ստորաբաժանումներուն բացառիկ յաջողութիւնները կապուած էին առաջին հերթին այս հանգամանքով:
«Մոնթէն իր տեսակին մէջ բացառիկ առաջնորդ էր: Այս վարժարանն ու իր սաները պէտք է ըլլան այդպիսին` առաջինը ամէն ինչի մէջ եւ ամէնտեղ: Ես ամէն ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի համապատասխան պայմաններ ստեղծենք այս վարժարանի սաներուն համար»։
Հանրապետութեան նախագահը, այնուհետեւ, Պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեանի, ԱԱԽ անդամներու եւ հանդիսութեան ներկայ հիւրերուն հետ դիտեց կրթահամալիրի սաներուն հանդիսաւոր քայլերթը։
Ապա տեղի ունեցաւ Մոնթէ Մելքոնեանի արձանի բացման արարողութիւնը, որ կատարեցին վարժարանի նախկին սան Վահագն Ասատրեան եւ ներկայ սան Դաւիթ Անդէասեան։ Բացման արարողութեան յաջորդեց Մոնթէ Մելքոնեանի ռազմամարզական վարժարանի 80 առաջին դասարանցիներու խոստման արարողութիւնը։
«Ճանապարհ դէպի բարձունք» անուան տակ՝ վարժարանի սաները ցուցադրեցին իրենց մարտական հնարքները։
Հանրապետութեան Նախագահը՝ շրջեցաւ վարժարանին մէջ ու ծանօթացաւ ուսումնառութեան եւ վարժարանի սաներու կենցաղավարութեան համար ստեղծուած պայմաններուն, ապա ներկայ եղաւ վարժարանին մէջ ԹՈւՄՕ-բանակ համագործակցութեամբ ստեղծուած լսարանի բացման:
Նշենք, որ Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանին մէջ կրթութիւն կը ստանան աւագ դպրոցի` 10, 11 եւ 12-րդ դասարաններու աշակերտները: Ներկայիս, ուսանողներուն թիւը 190 է, անոնցմէ 94-ը ընդունուած են այս տարի: Աշակերտները Հայաստանի տարբեր մարզերէն են: Վարժարանին մէջ կրթութիւնը կ՝իրականացուի հանրակրթական ծրագիրով։
Ամբողջովին նոր, միջազգային ամենաբարձր չափանիշներուն համապատասխանող վարժարանին մէջ ստեղծուած են հրաշալի պայմաններ` ուսումնառութեան եւ ժամանցի համար: Վարժարանին մէջ կը գործեն ժամանակակից վարժասարքերով յագեցած մարզադահլիճներ, կառուցուած են լողաւազան, ֆութպոլի, պասքէթպոլի եւ մեծ թենիսի խաղահրապարակներ: Կը մատուցուի որակեալ սնունդ` բարձրակարգ ճաշարանի մէջ: Վարժարանը կը հոգայ սաներու կեցութեան, սնունդի եւ հագուստի ծախսերը: Կրթական ընթացքը Երկուշաբթիէն-Ուրբաթ է, հանգստեան օրերուն սաները կրնան մեկնիլ տուն կամ մնալ վարժարանին մէջ: