Երեւանի մէջ «Նոյ» ազգագրական թաղամաս պիտի կառուցուի

Երեւանի մէջ` «Հրազդան» մարզադաշտի հարեւանութեամբ, պիտի կառուցուի «Նոյ» ազգագրական թաղամաս: Այս մասին՝ ըստ Aysor.am-ի՝  Յունիս 16-ին լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Կառավարութեանն առընթեր քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահ Նարեկ Սարգսեան:

«Հրազդան» մարզադաշտի հարեւանութեամբ պիտի իրականացուի «Հայկական գիւղ» կոչուող ծրագիրը: Անիկա պիտի բաղկանայ 2-3 յարկանի շէնքերէ` ներքին բակերով», – ըսած է Նարեկ Սարգսեան:

Անոր խօսքով` թաղամասին մէջ պիտի ներկայացուի Հայաստանի տարբեր շրջաններու ճարտարապետութիւնը: