ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ 3 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՕ ՅԱՏԿԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ՝ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

21 Յունիսին Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը գումարած են գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը:

«Գործընկերութեան խորհուրդը ընդգծած է, որ Սուրիոյ մէջ տագնապի մնայուն եւ վստահելի քաղաքական հանգուցալուծման հասնիլը բացառիկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ: Սուրիոյ գաղթականները Հայաստանի մէջ համարկելու նպատակով Եւրոպական Միութիւնը «Մատատ» հիմնադրամի ծիրէն ներս 3 միլիոն եւրօ տրամադրած է Հայաստանին», ըսուած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ: