Պալթեան երկիրներու բնակիչները Հայաստան յաճախ չեն այցելեր: Սակայն անոնք, որոնք կ՛ըլլան արեւի, քոնեակի եւ ծիրանի երկրին մէջ, հայրենիք կը վերադառնան բազմաթիւ հաճելի տպաւորութիւններով:
«Հայ ժողովուրդը շատ տաղանդաւոր է եւ միեւնոյն ժամանակ իւրօրինակ»: Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ընթացքին նման կարծիք յայտնած է Լիթվիացի լրագրող Տենիս Քիշենեւսքին:
Լրագրողը նշած է, որ Լիթվիայի իրենց խումբին հետաքրքրական էր ծանօթանալ նոր մշակոյթի հետ, տեսնել, ինչպէս կ’ապրի Հայաստանը, թէեւ այս ուղղութիւնը Պալթեան երկիրներու զբօսաշրջիկներու համար ամենապահանջուածը չէ:
«Հայերն իրենքզիրենք դրսեւորեցին ամենատարբեր ոլորտներու մէջ` մշակոյթէն եւ արուեստէն մինչեւ գիտութիւն եւ բժշկութիւն: Այդ պատճառով, ըստ ինձ, «ստեղծագործ մտածելակերպ» թեմայով նախագիծը ճիշդ Հայաստանի համար է», – կը կարծէ լրագրողը:
Արարատին նայելով վայելել նուռի գինի
Հայաստանի մէջ Լիթվիայի պատուիրակութիւնը իր կեցութեան երկու շաբաթը եղած է գլխաւորաբար Երեւան:
Հայաստանի մայրաքաղաքի ջերմ ընտանեկան մթնոլորտը գերած էր Քիշենեւսքին: Լիթվիայի հիւրերը կը զմայլէին քաղաքի կեդրոնը գտնուող լայն պողոտաներով, ստուերոտ պուրակներով, շատրուաններով, ինչպէս նաեւ դէպի Արարատը բացուող հիանալի տեսարանով, որ կարելի է որսալ Կասկատի վերեւի դիտահարթակէն:
Լիթվիացիներու շատ հաճելի եղած են երեկոյեան խնջոյքները` նուռի գինով:
Լրագրողին կարծիքով` Երեւանը ոչինչով չի զիջիր մեծ եւրոպական քաղաքներուն:
Միակ բանը, որ անոնց հաճելի չէ եղած, Հայաստանին բնորոշ տաքն էր: Քանի մը օր շարունակ բարձր ջերմաստիճանը կը շարունակուէր, այդ իսկ պատճառով Լիթվիայէն ժամանած հիւրերուն, որոնք աւելի մեղմ եղանակի վարժ են, դժուար էր յարմարուիլ տեղի կլիմայական պայմաններուն:
Բարեհամբոյր ու խիստ մարդիկ են
Լիթվիացի հիւրերը եղան ոչ միայն մայրաքաղաքի մէջ, այլեւ այցելեցին Գառնի, եւ Սեւանայ լիճ:
«Երկար կ՛ուսումնասիրէինք Գեղարդի վանական համալիրը: Իւրաքանչիւրս այս վայրը իւրովի կ՛ընկալէ, սակայն ինծի համար անիկա ոչ միայն Հայաստանի խորհրդանիշ դարձաւ, այլեւ ողջ քրիստոնեայ աշխարհի»,- նշած է Տենիս:
Հայաստանը ոչ միայն քրիստոնէական եւ եւրոպական քաղաքակրթութեան բնօրրանն է, այլեւ առաջապահ դէպի առեղծուածային եւ ոչ պակաս հետաքրքրական Արեւելքը, կը կարծէ լրագրողը:
Տեղի բնակիչներու հետ զրուցելու ատեն` ան եկած է այն եզրակացութեան, որ հայերը շատ բարեհամբոյր եւ ընկերասէր ժողովուրդ են, սակայն իւրաքանչիւրը իր բնաւորութիւնն ունի:
Եւրոպայի մէջ բաւական հազուադէպ կարելի է հանդիպիլ երիտասարդներու, որոնք այդքան խոր գիտելիքներ ունին սեփական երկրի պատմութեան եւ մշակոյթի մասին, ինչպէս նաեւ աշխոյժ քաղաքացիական դիրքորոշում ունին, աւելացուցած է ան: