Զինուած ուժերու արդիականացման եօթնամեայ ծրագիրի նախագիծի քննարկում

Հանրապետութեան նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ Ուրբաթ՝ 12 Յունուար 2018-ին, պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է զինուած ուժերու արդիականացման եօթնամեայ  ծրագիրի նախագիծի քննարկումը:

Զեկուցուած են 24 Հոկտեմբեր 2017-ի հանրապետութեան նախագահին  կողմէ տրուած յանձնարարականի կատարման հիմամբ մշակուած այդ ծրագիրի նախագիծի հիմնական ուղղութիւններն ու կարեւորագոյն սկզբունքները: Ընդգծուած է, որ, հաշուի առնելով առկայ  մարտահրաւէրները, 2018-2024-ի ծրագիրը մշակելու ընթացքին կանխատեսուած են իրավիճակի զարգացման հաւանական  տարբերակները, ուղենշուած են անոնց հակազդման ուղիները, ստեղծուած են անհրաժեշտ պայմանները` առկայ միջոցներու ղեկավարումը առաւելագոյնս արդիւնաւէտօրէն իրականացնելու համար:

Նախագահին ներկայացուած է նաեւ, որ 4 Յունուարին պաշտպանութեան նախարարութեան «Մոնթէ Մելքոնեան»-ի անուան զինուորական-մարզական վարժարանին մէջ պաշտպանութեան նախարարութեան, զինուած ուժերու եւ զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատարութեան ղեկավար կազմի մասնակցութեամբ սկսած եօթնամեայ ծրագիրի նախագիծի քննարկումները շարունակուած են օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու, հասարակական հատուածի ներկայացուցիչներու եւ փորձագէտներու ներգրաւումով:

Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է ներկայացուած ծրագիրի նախագիծի առարկայական քննարկումը` ընդգծելով, որ անոր  արդիւնքներէն կախեալ է զինուած ուժերու կառավարման արդիւնաւէտութիւնը, պատրաստակամութեան ու մարտունակութեան աստիճանի բարձրացումը, որ կարելիութիւն կու տայ, ունենալով ժամանակակից զինուած ուժեր, անձեռնմխելի պահել պետութեան սահմանները:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ ստեղծման օրէն Հայաստանի զինուած ուժերը միշտ ալ գտնուած են զարգացման հոլովոյթի մէջ, որ  այժմ հասած է փուլ մը, երբ պէտք է ունենալ աւելի երկարաժամկէտ զարգացման ծրագիր, որ կը վերաբերի ինչպէս զինուած ուժերու  ամրապնդման եւ կատարելագործման, այնպէս ալ զինատեսակներու  արդիականացման: