Ըստ «Տեր Շփիկըլ»-ի` Էրտողան անձամբ հրահանգած է Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ Պերլինի մէջ ցոյցեր կազմակերպել

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անձամբ հրահանգած է Գերմանիոյ մէջ բողոքի ցոյցեր կազմակերպել` Յուլիս 2016-ին Պունտըսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրման դէմ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Ահվալ» գործակալութիւնը, այս մասին կը գրէ գերմանական «Տեր Շփիկըլ»:

Գերմանիոյ ոստիկանութեան կողմէ ձայնագրուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Էրտողան 1 յուլիսին` Պունտըսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումէն մէկ օր առաջ կը հեռաձայնէ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխան Մեթին Քիւլունքին, որ այդ ժամանակ Պերլին էր եւ կը զբաղէր բողոքի ցոյցերու կազմակերպումով:

«Տեր Շփիկըլ» հրապարակած է Հեսսեն երկրամասի ոստիկանութեան կողմէ ձայնագրուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններէն մէկուն սղագրութիւնը, որ կ՛արտօնէ ենթադրել, որ Էրտողան անձամբ կը ղեկավարէր բողոքի ցոյցերը:

Հեսսենի ոստիկանութիւնը կը լսէ, թէ ինչպէ՛ս 1 յուլիս 2016-ի ժամը 23:30-ին կապի մէջ կը մտնէ Էրտողանը` խօսելով Քիւլունքի հետ: «Ինչպէ՞ս էք, պարո՛ն նախագահ», կը հարցնէ երեսփոխանը: Ապա կը զեկուցէ Պերլինի մէջ քննարկուող բանաձեւին դէմ բողոքի ցոյցերուն մասին` աւելցնելով. «Կը սպասեմ ձեր հրահանգներուն»:

Էրտողան կը պատասխանէ, որ պիտի կապուի Քիւլունքի հետ եւ բարի գիշեր կը մաղթէ անոր:

Գերմանական պարբերականը կը նշէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան բովանդակութիւնը ապշեցուցած է Հեսսենի ոստիկանութիւնը, որ արձանագրած է, թէ ի՛նչ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ Անգարան Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին եւ ատոր որդեգրման դէմ Պերլինի մէջ կազմակերպուելիք ցոյցերուն, որ ատով անձամբ կը հետաքրքրուի  երկրի նախագահը:

«Տեր Շփիկըլ» կը յայտնէ, որ ներկայիս հետաքննութիւն կը կատարուի` բացայայտելու Քիւլունքի կապը Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւններուն հետ, այն բանէն ետք, որ 2017-ին տեղեկութիւններ յայտնուած էին, որ երեսփոխանը գումարներ կը տրամադրէ թուրք-գերմանական ազգայնական «Օսմանեն Ճերմանիա» խմբաւորման: Ըստ տեղեկատուութեան, գումարները օգտագործուած են քրտական խումբերու դէմ զինամթերք գնելու համար:

Պերլինի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումէն ետք շուրջ 1000 թուրքեր բողոքի ցոյց կատարած էին: