Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան եւ «Իզմիրլեան» հիմնադրամի փոխնախագահ Կրեկ Ճէրէճեան Դեկտեմբեր 13-ին, Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանին մէջ ստորագրեցին յուշագիր մը՝ «Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի համալսարանային տարածքի արդիականացման» նախագիծի աջակցութեան վերաբերեալ, կը հաղորդէ “Արմենփրես”-ը:
Յուշագիրով հիմնադրամը 5 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի շէնքերու վերանորոգման եւ վերակառուցման մեծածաւալ ծրագիրի իրականացման համար: Այս ծրագիրը կը նպատակադրէ ռազմական համալսարանը միջազգային ամէնաբարձր չափորոշիչներուն համապատասխանեցնել:
«Այժմ ձեւաւորուած աշխատանքային խումբը կը քննարկէ ՀՀ ՊՆ Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի եւ ՀՀ ՊՆ Մարշալ Արմենակ Խանփերեանցի անուան օդանաւային համալսարաններու մէկտեղման գործընթացն ու տարբեր բաժիններով, բաժանմունքներով մէկ ռազմական համալսարան ունենալու գաղափարը: Կ՛ակնկալուի, որ նոր համալսարանը կը տեղակայուի Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի տարածքին մէջ՝ լրացուցիչ շէնքային պայմաններու ապահովումով»,- յայտնեց պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան՝ աւելցելով, որ «Իզմիրլեան» հիմնադրամը համալսարանի ստեղծման առաջին իսկ օրերէն եղած է կառոյցի կողքին եւ այսօր ալ, նոր յուշագիրի ստորագրումով, նոյն քայլը կը կատարուի:
Միջոցառման ընթացքին ճարտարապետ Էրիկ Յովհաննիսեան ներկայացուց համալսարանի շէնքային հնարաւորութիւններու բարելաւման նախագիծը, որով կը նախատեսուի կառուցել զօրանոցային առաւել յարմարաւէտ պայմաններով, գրադարանով, համակարգչային դասասենեակներով, մարզական համալիրով ապահովուած գերժամանակակից կրթական համալիր:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ «Իզմիրլեան» հիմնադրամի համագործակցութիւնը տարիներու պատմութիւն ունի: 2001-էն սկսեալ հիմնադրամը նիւթական մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է «Հայաստանի եւ Արցախի մէջ զոհուած եւ առաջին կարգի հաշմանդամութիւն ունեցող զինծառայողներու երեխաներուն» ծրագիրին: Հիմնադրամը իր միջոցներով անցեալ տարիներուն զգալի աջակցութիւն ցուցաբերած է նաեւ Վ. Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի ենեթակառուցուածքներու արդիականացման ինչպէս նաեւ զօրանոցային պայմաններու բարելաւման աշխատանքներուն: