Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25 ամեակի նուիրուած նախաձեռնութիւններ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները մեկնարկած են 1 Սեպտեմբերին եւ պիտի տեւեն մինչեւ 3 Սեպտեմբեր: Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքին համաձայն, տօնական նախաձեռնութիւնները ընթացք կ’առնեն Արցախի դպրոցներէն, ուր պիտի տրուին «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը 25 տարեկան է» նիւթով դասեր: Նոյն օրը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ պիտի կայանան մարզական եւ մշակութային ձեռնարկներ, իսկ Ստեփանակերտի կեդրոնական օղակաձեւ պուրակին մէջ զինուորական նուագախումբի համերգ: 2 Սեպտեմբերին տօնական նախաձեռնութիւնները պիտի սկսին երթով` Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն դէպի քաղաքային յուշահամալիր: Նախատեսուած են նաեւ բացօթեայ տօնական միջոցառումներ եւ Հայաստանի դրամաշրջանառութեան պատմութիւնը խորագրով ցուցահանդէս, իսկ Շուշիի մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրակացարանային համալիրի բացումը: Երեկոյեան Վերածնունդի հրապարակին վրայ պիտի կայանայ տօնական համերգ եւ հրավառութիւն: Տօնակատարութիւնները կ’եզրափակուին 3  Սեպտեմբերին, Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գիւղին մէջ նոր թաղամասի բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ: