ՀՀ պաշտպանութեան բանակի ներկայ հզօրութիւնը 2016-ի մարտունակութեան հետ համեմատելի չէ:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, Չորեքշաբթի` Յունուար 24-ին, հրաւիրած մամուլի ասուլիսի մը ժամանակ, յայտարարած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան:
Խօսելով ԱՀ պաշտպանութեան բանակի 2017-ին կատարուած աշխատանքներուն մասին` Լ. Մնացականեան ըսած է, որ համարժէք միջոցներ ձեռնարկուած են առաջին հերթին մարտական զօրահաւաքային պատրաստակամութեան համար:
«Կառուցուածքային փոփոխութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ բոլոր առումներով մեր հնարաւորութիւնները աճած են, փոխուած են մօտեցումները պահեստազօրայիններու հետ եւ հաւաքներու միջոցով աւելցուած է ռազմաուսուցանուած պահեստազօրներուն քանակը բոլոր մասնագիտութիւններով` աւելի շատ` հրասայլային, հակա-հրասայլային եւ հրետանային ստորաբաժանումներու մասնագէտներու»,- ըսած է պաշտպանութեան նախարարը եւ աւելցուցած, որ հիմնական շեշտը շարունակած է մնալ մարտական հերթապահութեան, ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման եւ դիրքապահ զինծառայողներու համար աւելի բարենպաստ պայմաններու ստեղծման վրայ:
Նախարարը նշած է նաեւ, որ կատարելագործուած են բոլոր ճարտարագիտական, ամրաշինական կառոյցները, կահաւորուած են նոր դիրքեր: Փորձած են զարգացնել ճանապարհային ցանցը, որ անչափ կարեւոր է մարտական գործողութիւններու ժամանակ` հիմնական ուշադրութեան կեդրոնին պահելով անձնակազմի անվտանգութեան ապահովման խնդիրը:
«Հրետանիի, հակաօդային պաշտպանութեան հնարաւորութիւնները եւս նախկինի հետ համեմատելի չեն: Աւելցուած է նաեւ նշանուղիներու եւ մեր յարձակման ընթացքին խոցուող նշանակէտերուն քանակը` ինչպէս գիշերային, այնպէս ալ ցերեկային պայմաններու մէջ: Ճարտարագիտական-թիկունքային ապահովման հարցերով եւս մեծ ծաւալի աշխատանքներ տարուած են, եւ հիմնական շեշտը դրուած է դաշտային պայմաններու մէջ միաւորումներու, զօրամասերու, ստորաբաժանումներու կենսագործունէութեան ապահովման վրայ»,- ըսած է Լ. Մնացականեան: