Խորհրդակցութիւն` նուիրուած Հայաստան –Սփիւռք 6-րդ համաժողովի նախապատրաստութեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նստավայրին մէջ տեղի  ունեցած է խորհրդակցութիւն` Հայաստան-սփիւռք համահայկական վեցերորդ համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները քննարկելու նպատակով:

Ընդգծելով, որ Հայաստան-սփիւռք նախորդ խորհրդաժողովը տեղի ունեցած է 2014 թուականին, եւ այդ երեք տարիներուն թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ տեղի ունեցած են զգալի փոփոխութիւններ, ի յայտ եկած են նոր մարտահրաւէրներ եւ կարելիութիւններ` հանրապետութեան նախագահը անհրաժեշտ նկատած է այդ հանգամանքները բազմակողմանիօրէն քննարկել յառաջիկայ համաժողովին:

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուցած է համաժողովին ծրագիրը, որուն վերաբերեալ առաջարկներ եւ դիտարկումներ ներկայացուցած են խորհրդակցութեան մասնակիցները` համաժողովը կազմակերպչական բարձր մակարդակով կայացնելու եւ համահայկական կարեւորագոյն բոլոր հարցերը օրակարգի վրայ ներառելու նպատակով:

Հանրապետութեան նախագահը իր կարգին տուած է համապատասխան յանձնարարականներ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նոյն օրը աշխատանքային հանդիպում ունեցած է ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար Աշոտ Մանուկեանի հետ, որ զեկուցած է այդ մարզին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, ակնկալուող արդիւնքներուն, ընթացիկ ծրագիրներուն եւ առկայ խնդիրներու լուծման կարելիութիւններուն մասին:

Աշոտ Մանուկեան նախագահը տեղեակ պահած է շրջանային համագործակցութեան ծրագիրներու եւ այդ ուղղութեամբ առնուող քայլերուն մասին, մասնաւորապէս` Իրան-Հայաստան եւ Հայաստան-Վրաստան ելեկտրահաղորդման բարձրավոլթ օդային գիծերու կառուցման ծրագիրներու ընթացքին մասին:

Հանրապետութեան նախագահը յանձնարարած է աշխուժացնել աշխատանքները, ընել առաւելագոյնը` նախատեսուած ծրագիրները սահմանուած ժամանակաշրջանին աւարտելու համար` ընդգծելով, որ անոնք կարեւոր են թէ՛ Հայաստանի ուժանիւթի համակարգի անվտանգութեան եւ յուսալիութեան, եւ թէ՛ շրջանային ծրագիրներուն մէջ Հայաստանի ներգրաւուածութեան ապահովման առումով:

Քննարկուած են նաեւ այս մարզին վերաբերող տարբեր հարցեր, նախագահը յանձնարարած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել սահմանամերձ շրջաններուն մէջ այս առումով կացութեան բարելաւման: