Մարտ 25-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին մեծ շուքով տօնախմբեց Ծաղկազարդը, որ կը խորհրդանշէ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի` մարդեղացեալ Աստուածորդիի` Երուսաղէմ յաղթական մուտքը:
Հոգենորոգ օրուան առիթով՝ Մայր Տաճարի մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.Ամենայն Հեաոց Կաթողիկոսի, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Վարչա-տնտեսական բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը: Այս մասին կը հաղորդեն մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Տեղեկատուական համակարգէն:
Ս. Պատարագին ընթացքին՝ Մուշեղ Սրբազան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին` մասնաւորապէս նշելով. «…Այսօր, շուրջ երկու հազար տարիներ յետոյ մենք հաւաքուած ենք այս սուրբ եկեղեցւոյ մէջ` տօնախմբելու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ: …Շատերու համար այդ օրերուն Յիսուս եկած էր ֆիզիքական փրկութիւն պարգեւելու, իսկ շատերու համար Քրիստոս եկած էր հոգիի փրկութիւն պարգեւելու, ստուար, հոծ բազմութեան մը համար Ան թագաւոր էր, ոմանց համար` թագաւոր երկրի վրայ, իսկ ոմանց համար` թագաւոր երկնքի մէջ: «Ո՞վ է Ան»,- կը հարցնէին բոլորը: Պատասխանը այստեղ էր` Ան Յիսուս Քրիստոսն էր, որուն հաւատացին շատերը, իսկ այսօր արդէն` միլիառաւորներ: Յիսուս Քրիստոսն էր, որ Իր կեանքը տուաւ Իր արարածներուն համար, որպէսզի ապրին անոնք եւ առաւել կեանք ունենան:
…Սիրելիներ, հաւատքը դէպի Ան, ով Իր կեանքը չխնայեց իւրաքանչիւրիս համար, տարածուեցաւ եւ հասաւ մինչեւ մեր օրերը: Եւ մենք այստեղ` այս սուրբ կամարներուն ներքոյ, այսօր կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս մանուկներ, արք եւ կանայք, կը ցնծան, որովհետեւ այսօր մենք կը տօնախմբենք ծաղկազարդը, եկած ենք ծաղկազարդուելու այս տօնին խորհուրդով, եկած ենք միանալու մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսին` Անոր մարմինն ու արիւնը ճաշակելով:
Սրբազանը, իր խօսքին մէջ, ողջունեց Ծաղկազարդի առիթով Մայր Տաճարի Ս. Խորանին սպասաւորող մանուկները, որոնք վաղ առաւօտեան ժամանած էին Ս. Էջմիածին Տաւուշի թեմի սահմանամերձ քաղաքներէն եւ գիւղերէն` մասնակցելու Ս. Պատարագին եւ ստանալու Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութիւնը: Սրբազանը յորդորեց Ս. Պատարագի մասնակիցներուն` ըստ տէրունաւանդ պատուիրանին նմանուելու այդ մանուկներուն իրենց մաքրութեան, անմեղութեան ու պարզութեան մէջ, ունենալու շիտակ եւ մաքուր հոգի եւ պատրաստ ըլլալու օգնելու եւ կարեկից ըլլալու իրարու:
Ս. Պատարագի աւարտին՝ տաճարին մէջ գտնուող բոլոր մանուկները հրաւիրուեցան ատեան եւ, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, կատարուեցաւ մանուկներու օրհնութեան յատուկ կարգ: Նորին Սրբութիւնը հայրապետական իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց ներկայ մանուկներուն` աղօթելով անոնց անհոգ մանկութեան եւ երջանիկ ու աստուածօրհնեալ կեանքին համար: