Կարէն Կարապետեան. «Լուծումներ փնտռելու ժամանակ պէտք է առաւելագոյնս ճկուն եւ նորարար ըլլալ»

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Սեպտեմբեր 14-ին, ներկայ եղած է Փոքր անցումային տնտեսութիւններ. տեղային պատասխաններ համընդհանուր մարտահրաւէրներուն թեմայով նստաշրջանի բացման, որ համատեղ կազմակերպած էին Հայ-ռուսական համալսարանը եւ Թել Աւիւի Պորիս Մինցի ուսումնարանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Վարչապետը, իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ նման քննարկումներու, մտքերու եւ փորձի փոխանակման իբրեւ արդիւնք կ՝առաջանան լուծումներ, որոնք օգտակար կ՝ըլլան ե՛ւ ակադեմիական աշխարհին, ե՛ւ կառավարութիւններուն համար` բարեփոխումներու ձեւակերպման եւ իրականացման գործընթացին մէջ: Կառավարութեան ղեկավարին խօսքով` մենք կ՝ապրինք հետաքրքրական ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ դասական տեսութիւններն ու մօտեցումները երբեմն կարծես լուծումներ չեն տար առկայ խնդիրներուն, եւ անոնց յարմարեցումը՝ իրականութեան մէջ՝ միշտ չէ, որ կու տայ կանխատեսուած արդիւնքները: «Երբ կ՝անցնիս փորձնական աշխատանքի, թէ՛ խոշոր ընկերութեան մէջ, թէ՛ կառավարութեան մէջ, յաճախ կը բախիս իրականութեան եւ իրական միջավայրին, ուր կան գործօններ, որոնց առկայութեան պարագային՝ տեսութեամբ առաջարկուող վերացական օրինակները իրական չեն: Այդպիսի գործօնները շատ կրնան ըլլալ` աշխարհաքաղաքական դիրքը, քաղաքական վիճակը, հասարակութեան վստահութեան մակարդակը, տնտեսութեան փակ կամ մեկուսացուած ըլլալը եւ այլն:

Ասոր կ՝աւելնայ այլ մարտահրաւէր մը եւս. մենք կ՝ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ արհեստագիտութիւնները կը ներթափանցեն մեր կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտներ, որ սովորաբար կը կոչենք չորրորդ ճարտարարուեստական յեղափոխութիւն: Այսօր կը խօսինք ծրագրային տնտեսութիւններու, իրերու համացանցի, արհեստական բանականութեան, ինչպէս նաեւ ամպային արհեստագիտութիւններու եւ մեծ տուեալներու մասին: Այսօր կը խօսինք արհեստական բանականութեամբ կառավարուող ուղղահայեաց այգիներու, առողջապահութեան ոլորտի մէջ եռաչափ տպագրութեան, մեծ տուեալներու օգտագործումով նոր լուծումներ մշակելու մասին: Մեծ տուեալներու եւ արհեստական բանականութեան լուծումներուն շնորհիւ՝ GOOGLE ծրագիրը հնարաւորութիւն կու տայ աւելի արագ գիտնալու որոշ հիւանդութիւններու տարածման մասին, քան կու տան դասական արհեստագիտութիւնները: Այսօր կայ նուագախումբ մը, որուն բոլոր գործիքները պատրաստուած են եռաչափ տպիչներու միջոցով»,- նշած է վարչապետը` ընդգծելով, որ այս երեւոյթները մարտահրաւէր են նաեւ կրթական համակարգին համար: «Յիսունականներուն լաւագոյն բարձրագոյն կրթութիւնը դասական կրթութիւնն էր, ուր շեշտը կը դրուէր տարբեր տեսութիւններու մանրամասն ուսումնասիրութեան վրայ: Ութսունականներուն վերջը կրթութիւնը ենթարկուեցաւ այլափոխութեան եւ աւելի շատ՝ շեշտը դրուեցաւ յստակ խորացուած մասնագիտացման վրայ: Այժմ մենք կը գտնուինք այլ իրականութեան մէջ. Այսօր արդի է համեմատական կրթութիւնը` լրագրութիւն եւ թուային արհեստագիտութիւններ, իրաւաբանութիւն եւ գործարարութիւն, կենսաբանութիւն եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ եւ այլն: Այսօր գիտելիքները կը մատուցուին ո՛չ միայն դասական տեսութիւններ ուսումնասիրելով, այլ նաեւ case study-ներու միջոցով: Այսօր հիմնական գիտութենէն, մենք, շատ անգամ, կ՝երթանք դէպի այնպիսի գիտական աշխատանքներ, որոնք հնարաւոր է առեւտրականացնել: Ասիկա մեզի դէմ յանդիման կը հանէ իրականութեան մը, ուր լուծումներ փնտռելու ժամանակ պէտք է ըլլալ առաւելագոյնս ճկուն եւ նորարար: Պէտք է մշտապէս մտածել, թէ ինչպէս թերութիւնները կամ բացերը կարելի է դարձնել մեր առաւելութիւնը: Պէտք է գիտակցիլ` ա՛յն սահմանափակումները, որոնք մենք ունինք, մեզի պիտի մղեն աւելի՛ խելացի վարուելու եւ աւելի՛ նորարար լուծումներ գտնելու:

Ա՛յդ հանգամանքները եւ իրականութիւնը հաշուի առնելով` մենք մշակած ենք մեր կառավարութեան ծրագիրը, կը մշակենք Հայաստանի զարգացման ռազմավարութիւնը, Հայաստանի թուային օրակարգը, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքականութիւնները: Ա՛յս հանգամանքներն ու իրականութիւնը հաշուի առնելով` մենք պիտի կառուցենք անկախ, արդար, անվտանգ եւ խելացի Հայաստան:

Մենք կը մտածենք, որ Հայաստանը, ունենալով յարաբերականօրէն փոքր տնտեսութիւն, ներդրողներու համար կրնայ լաւագոյն հարթակ դառնալ Եւրասիական տնտեսական միութիւն մտնելու համար, որովհետեւ մենք կը հանդիսանանք այդ ակումբին անդամը, սահմանին ստեղծելով ազատ տնտեսական գօտի` մեր հարեւան Իրանի շուկաներ մտնելու համար, ունենալով GSP+ վարչաձեւ` Եւրոմիութիւն մտնելու համար: Աւելի՛ն, եւրոմիութեան հետ, Նոյեմբերին, համաձայնագիրը ստորագրելէ ետք, Հայաստանը պիտի ըլլայ միա՛կ երկիրը, որ առեւտուրի յատուկ վարչաձեւ պիտի ունենայ ե՛ւ եւրոմիութեան, ե՛ւ եւրասիական տնտեսական միութեան հետ: Կը կարծեմ, որ ասիկա կրնայ շատ հետաքրքրական առաւելութիւն ըլլալ մեզի համար, որպէսզի ներդրողներ ներգրաւենք:

Մենք կը մտածենք, որ Սփիւռքի հետ մեր յարաբերութիւնները եւ Սփիւռքի մասնակցութիւնը իրենց պատմական հայրենիքի կեանքին մէջ դեռ ամբողջութեամբ չէ օգտագործուած: Կ՝ուզենք, որ Հայաստանը դառնայ բեմ սփիւռքահայերու համար` ստեղծագործելու, արարելու, ներդրումներ կատարելու համար: Մենք էական շեշտ պիտի դնենք մեր պետական կառավարման համակարգին եւ տնտեսութեան թուայնացման վրայ, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ մեր պետական հատմուածը եւ տնտեսութիւնը դարձնելու աւելի արդիւնաւէտ,  մրցունակ եւ թափանցիկ: Իրականութեան մէջ մեր առաւելութիւնը մեր փոքրութիւնն է, որ մեզի կու տայ փոփոխութիւններուն արագ արձագանգելու եւ արդիւնաւէտ ըլլալու, շատ արագ փոխուելու հնարաւորութիւն»,- իր ելոյթին մէջ ըսած է կառավարութեան ղեկավարը:

Վարչապետ Կարապետեան նկատած է, որ նիստը յարմար հարթակ է այս հարցերը քննարկելու համար եւ տեղեկացուցած, որ կառավարութիւնը մտադիր է 2018-էն սկսեալ` կանոնաւոր կերպով տնտեսական եւ ներդրումային նիստեր կազմակերպելու Հայաստանի մէջ, ուր պիտի քննարկուին մեր երկրին մէջ առկայ խնդիրներն ու հեռանկարները: «Կ՝ուզեմ մէկ անգամ եւս ողջունել ժողովին մասնակիցները, յատուկ ողջունել արտասահմանէն եկած հիւրերը եւ մեր երիտասարդ գործընկերները: Չափազանց հետաքրքրական ժամանակաշրջանի մէջ կ՝ապրինք, հրաշալի մեծ հնարաւորութիւններ ունինք: Այսօր, աշխարհ փոխելը, երկիր փոխելը շատ հետաքրքրական մարտահրաւէր է: Միշտ գիտակցեցէք, որ դուք կ՝ապրիք ամենահեռանկարային երկրին մէջ»,- խօսքը եզրափակած է վարչապետը:

Կարէն Կարապետեան՝ կրթութեան, գիտութեան եւ մանկավարժութեան բնագաւառներուն մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար, ինչպէս նաեւ Հայ-ռուսական համալսարանի հիմնադրման 20-ամեակին առիթով՝ Հայ-ռուսական համալսարանի կառավարման, գործարարութեան եւ զբօսաշրջութեան ամպիոնի վարիչ, տնտեսական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսըր Արզիկ Սուվարեանը,  հայ-ռուսական համալսարանի ընդհանուր բնագիտութեան եւ վերաքանական նանոկառուցուածքներու ամպիոնի վարիչ, բնագիտական-մաթեմաթիքական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսըր Հայկ Սարգսեանը եւ Հայ-ռուսական համալսարանի տնօրէնի աշխատակազմի ղեկավար Էմմա Եղիազարեանը պարգեւատրած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի յուշամետալով: